image

Սահակաշվիլիի հարցով կոշտ պատասխաններ

Սահակաշվիլիի հարցով կոշտ պատասխաններ

Ուքրանիոյ քաղաքայիններու միջամտութիւնը Վրաստանի ներքին գործերուն անթոյլատրելի է: Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է երկրի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հեռախօսազրոյցին ընթացքին:

Զրոյցը կայացած է ուքրանական կողմի նախաձեռնութեամբ: Զելենսքին հետաքրքրուած է Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի առողջական վիճակով, որ նաեւ Ուքրանիոյ քաղաքացի է:

Ղարիպաշվիլին Զելենսքիին յայտնած է, որ Սահակաշվիլին, ինչպէս եւ միւս վրացի բանտարկեալները, կը գտնուին վերահսկողութեան տակ եւ անոր համապատասխան բժշկական ծառայութիւն կը տրամադրուի շուրջօրեայ դրութեամբ:

Վրացի վարչապետին խօսքով՝ Ուքրանիոյ քաղաքացի Սահակաշվիլիին հնարաւորութիւն կ'ընձեռուի, որ իրեն այցելեն ինչպէս փաստաբանները, ընտանիքի անդամները, այնպէս ալ Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւորները, եւ որ ան աւելի քան 100 այցելու ունեցած է:

Զելենսքին անդրադարձած է նաեւ Սահակաշվիլին բանտային հիվանդանոց տեղափոխելու հարցին, որուն վրացի վարչապետը պատասխանած է, որ №18 հաստատութիւն տեղափոխուած ատեն Սահակաշվիլին դիմադրութիւն ցոյց տուած է եւ լեզուական ու ֆիզիքական վիրաւորանքներ հասցուցած է բժշկական անձնակազմին, որմէ ետք անոր նկատմամբ օրէնքով սահմանուած գործողութիւններ իրականացուած են քրէակատարողական հիմնարկի ղեկավարութեան կողմէ:

«Հեռախօսազրոյցի ընթացքին վրացական կառավարութեան ղեկավարը Միխայիլ Սահակաշվիլիի անօրինական գործողութիւնները գնահատած է որպէս սադրիչ քայլ, որ սպառնալիք կը ներկայացնէ երկրի կայունութեան համար, եւ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն միջամտությունը Վրաստանի ներքին գործերին անթոյլատրելի է», կ'ըսուի կառավարութեան մամուլի հաղորդագրութեան մէջ: