image

Սահակաշվիլի պիտի փոխադրուի հիւանդանոց

Սահակաշվիլի պիտի փոխադրուի հիւանդանոց

Ռուսթավի քաղաքի բանտին մէջ Հոկտեմբեր 1-էն հացադուլ յայտարարած Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին համաձայնած է հիւանդանոց փոխադրուիլ։ Այս մասին ըսած է անոր անձնական բժիշկ Նիքոլոզ Քիփշիձէն։

«Միխայիլ Սահակաշվիլին պատրաստ է հիւանդանոց երթալու: Այդ տեղի կ'ունենայ գուցէ Շաբաթ կամ Կիրակի: Մենք պէտք է լուծենք մանր հարցերը Առողջապահութեան եւ Արդարադատութեան նախարարութիւններուն հետ», ըսած է Քիփշիձէն:

Բժիշկը բանտին մէջ այցելած է երկրի նախկին ղեկավարին։ «Հիւանդանոց փոխադրուիլ չի նշանակեր, որ նախագահը պիտի դադրեցնէ հացադուլը, ան պիտի շարունակէ», վստահեցուցած է Քիփշիձէն։

Արդարադատության նախարար Ռաթի Պրեկաձէն յայտնած է, որ Սահակաշվիլին կը պատրաստուի տեղափոխուելու բանտային հիւանդանոց, որ կրնայ սպասարկել հացադուլի մեջ գտնուող բանտարկեալներուն։

Վրաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան կից ստեղծուած բժիշկներու խորհուրդը քանի մը օր առաջ այցելած էր Սահակաշվիլիին եւ խորհուրդ տուած էր հիւանդանոց տեղափոխուիլ: