image

Ս. Գրիգոր Նարեկացիի տօնը Հռոմի «Սուրբ Նիկողայոս» հայ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ

Ս. Գրիգոր Նարեկացիի տօնը Հռոմի «Սուրբ Նիկողայոս» հայ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ

Օրերս, ըստ լատինաց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական տօնին առիթով, Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Հայրապետական Սուրբ Պատարագ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Այս մասին«Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ «Մարմարա»  պարբերականէն, որ այդ մասին  մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Ս. Գրիգոր Նարեկացիի տօնը, որ ընդգրկուած է Տիեզերական եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ, 27 Փետրուարին նշուեցաւ կրօնական ու աշխարհիկ արարողութիւններով։ Առաւօտուն, Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Վատիկանի այգիներուն մէջ վեր խոյացած Նարեկացի արձանին առջեւ։

Նոյն օրը Հռոմի «Սուրբ Նիկողայոս» հայ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ մատուցուեցաւ հայրապետական Ս. Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքին։

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին սիւնհոդոսական հայրերը, որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ կը գումարեն իրենց տարեկան սիւնհոդոսական ժողովը, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն վարժարաններու եւ դպրեվանքներու պատասխանատուները, հայ եւ օտար քոյր Եկեղեցիներուն անդամ կղերականներ, որոնց շարքին էին Էջմիածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցիին ներկայացուցիչը՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի մէջ ՀՀ դեսպանութիւններուն ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Իտալիոյ Հանրապետութեան մէջ դեսպան Ծովինար Համբարձումեանի։

Օրուան քարոզը խօսեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Գահերէցը՝ Ն.Վ. Քլուատիօ Կարդ. Կուճերոթթի Ծիրանաւորը։

Ան նախ անդրադարձաւ ընթացող Սիւնհոդոսին՝ ընդգծելով այդ սիւնհոդոսէն ներս «միութեան» կարեւորութիւնն ու աղօթքին իւրայատկութիւնը, եւ ասկէ մեկնելով՝ ակնարկեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիին տօնին, երբ հաստատեց, որ դժուար է մեկնաբանել Նարեկացին, որովհետեւ «ողբերգութիւնն» է անոր ամենախորթափանց միտքը։

Ապա, Ծիրանաւորը նշեց, որ Նարեկացիին «Վարդապետ Եկեղեցւոյ» տիտղոսը ընդունելու առաջարկը 1988-ին ներկայացուցած էր երջանկայիշատակ Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողոկոս-Պատրիարքը, եւ այդ ժամանակ հարց տրուած էր, թէ «ինչի՞ մէջ իւրայատուկ է Նարեկացիին աստուածաբանութիւնը...»։ Ս. Գրիգոր Թովմաս Ագուինացի չէ, բայց անոր իւրայատկութիւնը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ ան «աղերսը դարձուց աստուածաբանութիւն», ըսաւ Կարդինալ Կուճերոթթի, յիշելով Ֆրանսիսքօ Ա. Պապը 12 Ապրիլ 2015-ին, Ս. Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց «Վարդապետ Եկեղեցւոյ», իբր առաջին հայ Վարդապետը։

«Փոքր ազգ մը, որ արտադրեց անկրկնելի հոգեւոր ու մարդկային փորձառութիւն մը...։ Ազգ մը, որ կը մնայ փոքր, միշտ աւելիով ցրուած ու աւելիով արցունքներուն մէջ՝ Արցախի ողբերգական իրադարձութիւններուն պատճառով եւ ճիշդ հայ ազգին այս պայմաններուն համար է, որ ես այսօր ուրախ եմ ձեզի բերելու Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնն ու օրհնութիւնը։

Աւարտին՝ քարոզիչը շեշտեց Նարեկացիին «խոնարհութեան» կարեւորութիւնը, որ ինքզինքը կը համարի «աղօթանուէր» համայն աշխարհին համար՝ ինքզինքը նկատելով նաեւ մեղաւոր «անառակ որդին»...։ Ան հրաւիրեց կղերական դասը այս մասին խորհելու եւ, իրենց կարգին, հարց տալու, թէ իրենք եւս «աղօթանուէր» կը դառնա՞ն Նարեկացիին նման...։