Օրերս, Քուէյթի մէջ բացուած է Ռոժէ Գասպարեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը՝ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով։
Այս մասին«Արեւելք»տեղեկացաւ Փարիզ հրապարակուող «Նոր Յառաջ»էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝
Քուէյթի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Գլեր Լը Ֆլեշէ «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին գրած է.
«Պատիւն ունեցայ «CAP Kuweit»-ի մէջ բացումը կատարելու Ռոժէ Գասպարեանի լուսանկարներու շատ գեղեցիկ ցուցահանդէսին՝ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակի յոբելինական նշումներու շրջանակին մէջ։ Շնորհակալութիւն Քուէյթի Մշակոյթի, արուեստի եւ գրականութեան ազգային խորհուրդին, Քուէյթի Ֆրանսական հիմնարկին ու Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան՝ այս սրտառուչ ցուցահանդէսին համար։ Կեցցե՛ն»: