image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւններն առաջին անգամ ըլլալով պիտի ըլլան եռօրեայ

Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւններն առաջին անգամ ըլլալով պիտի ըլլան եռօրեայ

Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւններն առաջին անգամ ըլլալով պիտի ըլլան եռօրեայ՝ անոնք պիտի կայանան 2024 թուականի մարտ 15-էն 17-ը, յայտնած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Դաշնային խորհուրդը Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահական ընտրութիւններ նշանակած է 2024 թուականի մարտ 17-ին, պալատը միաձայն հաստատած է բանաձեւը։

Ինչպէս յայտարարած է պալատի խօսնակ Վալենթինա Մաթվիէնքոն, այս որոշումը կը նշանաւորէ նախընտրական արշաւի մեկնարկը։ Ան ընդգծած է, որ գալիք ընտրութիւնները կարեւորագոյն քաղաքական իրադարձութիւն են, որ մեծապէս կ՚որոշէ Ռուսիոյ զարգացման միջաշառաւիղը։