Ուքրանիան ինքնուրոյն պիտի որոշէ, թէ որ ճանապարհով պիտի վերադարձնէ Ղրիմը, որ Ռուսիան գրաւած էր 2014 թուականին։ Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին Ղրիմի հարթակի գագաթնաժողովէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսին։
Ան նշած է, որ Ղրիմը Ուքրանիոյ տարածքն է, եւ երկիրը չի խորհրդակցիր աշխարհի այլ պետութիւններու հետ այն վերադարձնելու ուղիներու շուրջ:
«Ինչ կը վերաբերի բացայայտ յարձակումներուն, ապա Ուքրանիան ոչ մէկ հարուած կը հասցնէ քաղաքացիական կառոյցներուն։ Մենք գիտենք, թէ ինչ կ'ընենք, գիտենք, թէ ուր կը գտնուին ռազմական կառոյցները։ Ուքրանացի զինուորականները կրնան այնտեղ աշխատիլ ծրագրի համաձայն»,-ըսած է ան:
Խօսելով Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու մասին՝ Զելենսքին ըսած է.«Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները, հաշուի առնելով այն, թէ ինչպէս կ'ընթանան գործերը, բացառուած են»:
Անոր խօսքով՝ «Ռուսիոյ պնդումները, թէ Ուքրանիան խաղաղութիւն չուզեր, մեղմ ըսած ծիծաղելի կը հնչեն»։
Ըստ Զելենսքիի՝ ռուսերը չեն մտածեր բանակցութիւններու մասին եւ երբեք չեն մտածած։
«Անոնք որոշած են գրաւել մեր երկիրը»,- յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահը։