image

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը Սուրիոյ մէջ բանակցութիւններ կը վարէ Ասատի հետ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը Սուրիոյ մէջ բանակցութիւններ կը վարէ Ասատի հետ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերգէյ Վերշինինը  26 յունիսին Դամասկոս իր այցի ընթացքին բանակցութիւններ պիտի վարի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն` յղում ընելով Սուրիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մէջ իր աղբիւրին։

«Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ պիտի հանդիպին Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարի հետ, որ հիւր է Դամասկոսի մէջ»,-նշած է աղբիւրը:

Դամասկոսի մէջ Վերշինինի հետ բանակցութիւնները պիտի կայանան Աստանայի մէջ Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարներու հանդիպումէն ետք: Կողմերն այնտեղ քննարկած են Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը: