Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերգէյ Վերշինինը 26 յունիսին Դամասկոս իր այցի ընթացքին բանակցութիւններ պիտի վարի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն` յղում ընելով Սուրիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մէջ իր աղբիւրին։
«Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ պիտի հանդիպին Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարի հետ, որ հիւր է Դամասկոսի մէջ»,-նշած է աղբիւրը:
Դամասկոսի մէջ Վերշինինի հետ բանակցութիւնները պիտի կայանան Աստանայի մէջ Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարներու հանդիպումէն ետք: Կողմերն այնտեղ քննարկած են Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը: