image

Ռուսիա կը փափաքի մինչեւ Յունիս 26 ամբողջութեամբ գրաւել Լուկանսքը. Ուքրանիոյ ՊՆ

Ռուսիա կը փափաքի մինչեւ Յունիս 26 ամբողջութեամբ գրաւել Լուկանսքը. Ուքրանիոյ ՊՆ

Ռուսական բանակը ունի առաջադրանք՝ մինչեւ Յունիս 26 ամբողջութեամբ գրաւել Լուկանսքի շրջանը, վճռորոշ մարտեր կ'ընթանան Սեւերոտոնեցքի համար։ Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Աննա Մալյարը։

Անոր խօսքով, այսօր ռուսական զօրքը իր ամբողջ ուժերն ու միջոցները նետած է Լուկանսքի շրջանի բնակավայրերը գրոհելու համար՝ փորձելով ճեղքել ուքրանական զօրքերու պաշտպանութիւնը եւ շրջապատել Սեւերոտոնեցքը եւ Լիսիչանսքը պաշտպանող խումբը։

Մալյար ընդգծած է, որ պէտք է հասկնալ սպառազինութեան հարցով հակառակորդին գերազանցութիւնը, ինչ որ կը բարդացնէ իրավիճակը, իսկ Լուկանսքի շրջանին մէջ մարտերու բուռն վիճակը հասած է իր գագաթնակէտին։