image

Ռուսիան եւ Իրան հրաժարած են SWIFT-էն

Ռուսիան եւ Իրան հրաժարած են SWIFT-էն

Ռուսիան եւ Իրանը միացուցած են ֆինանսական հաղորդագրութիւններու փոխանցման ազգային համակարգերը, ըսած է Իրանի Կեդրոնական դրամատան միջազգային հարցերով տեղակալ Մոհսեն Քարիմին։

Այժմ երկու երկիրներու դրամատուները գործարքները կ՚իրականացնեն անմիջապէս իրենց ազգային արժոյթներով։

«Արտահանողը կրնայ իրանեան ռիալով հաշիւ-ապրանքագիր տրամադրել ռուսական կողմին եւ գումար ստանալ Իրանի մէջ գտնուող ռուսական դրամատուներէն», - իրանեան Fars գործակալութիւնը մէջբերած է Քարիմին:

Այսպիսով կը բացառուի առեւտրային միջազգային SWIFT համակարգի օգտագործումը, որ հիմնուած է Զուիցերիոյ մէջ:

SWIFT-էն ռուսական դրամատուներու հնարաւոր անջատման վտանգի լոյսին տակ Ռուսիոյ մէջ ստեղծուած է միջդրամատնային հաղորդագրութիւններու փոխանցման սեփական համակարգը։