Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղարը մեկնաբանած է Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկխօսութեան վերսկսման հնարաւորութիւնը:
Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները զէրոյական վիճակի մէջ են, բայց, այսպէս թէ այնպէս, ժամանակի ընթացքին պէտք է վերսկսիլ երկխօսութիւնը, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Յարաբերութիւնները զէրոյի վրայ են, ես կ՚ըսէի՝ նոյնիսկ զէրոյէն ցած։
Բայց քանի որ ե՛ւ Ամերիկան, ե՛ւ մենք յատուկ պատասխանատւութիւն կը կրենք համաշխարհային եւ ռազմավարական կայունութեան համար, ապա այսպէս թէ այնպէս ժամանակի ընթացքին պէտք է վերսկսիլ այդ խոսակցութիւնը», -ըսած է Փեսքով հեռուստալրագրող Պաւել Զարուպինին տուած հարցազրոյցին։
Հարցազրոյցէն հատուած մը հրապարակուած է լրագրողի Telegram ալիքով։
Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղարը նաեւ նշած է, որ Ռուսիան այսօր շեշտակի կ՚արձագանգէ Ռուսիոյ Դաշնութեան ներքին գործերուն Միացեալ Նահանգներու միջամտութեան:
«Մենք արդէն այլ կերպ կը խօսինք իրար հետ, երբ խօսքը կը վերաբերի ներքին գործերուն միջամտելուն․.. Հիմա մենք ատոր բացարձակապէս անհաշտութեամբ կ՚արձագանգենք։
Այդ կը զգացուի ե՛ւ նախագահի տրամադրուածութենէն, ե՛ւ անոր հրամաններէն, ե՛ւ, ի հարկէ, այդ ամէնը կ՚իրականացուի», -ըսած է Փեսքով։
Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքովը յայտարարած էր, որ Ռուսիան Միացեալ Նահանգներէն առաջարկներ ստացած է ռազմավարական կայունութեան եւ սպառազինութիւններու վերահսկման շուրջ երկխօսութեան վերսկսման վերաբերեալ, ներկայիս այդ հարցերը կ՚ուսումնասիրուին: