Մոսկուան կոշտ պատասխան կու տայ Ռուսիոյ տարածքին ուքրանական իշխանութիւններու կազմակերպած ահաբեկչական յարձակումներուն, ըսած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին։
Ինչպէս գրած է ՌԻԱ «Նովոստի»-ն, պետութեան ղեկավարն ընդգծած է, որ Խրիմի կամուրջի վրայ տեղի ունեցած պայթումի ետին կանգնած է «Քիեւի ռեժիմը»։
«Դատաբժշկական եւ այլ փորձաքննութիւններու տուեալները ցոյց կու տան, որ 8 հոկտեմբերի պայթումը ահաբեկչական գործողութիւն է: Ահաբեկչութիւն, որու նպատակն է ոչնչացնել Ռուսիոյ քաղաքացիական կարեւոր ենթակառուցուածքը: Ակնյայտ է նաեւ, որ ահաբեկչութեան պատուիրատուները, կազմակերպիչները եւ հեղինակները ուքրանական յատուկ ծառայութիւններն են»,- ըսած է Փութին։
Բացի այդ, Ռուսիոյ ղեկավարը մեղադրած է Ուքրանիան միջուկային ահաբեկչութեան՝ Զապորոժիէի աթոմակայանի գնդակոծման եւ Քուրսքի աթոմակայանի քանդման փորձերու համար։
Փութին խօսած է նաեւ «Թրքական հոսք» կազային համակարգի հատուածներէն մէկը պայթեցնելու ուքրանական իշխանութիւններու փորձերու մասին։
«Քիեւի ռեժիմն իր գործողութիւններով կը դասուի միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու շարքին: Պարզապէս անհնար է նման յանցագործութիւնները անպատասխան ձգել»,- ընդգծած է Փութին:
ՌԴ նախագահն ըսած է, որ ռուսական զօրքերը մեծ հարուած հասցուցած են Ուքրանիոյ ուժանիւթային, ռազմական հրամանատարութեան եւ կապի կառոյցներուն։
«Այսօր առաւօտեան պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկով հեռահար գերճշգրիտ զինատեսակներով զանգուածային հարուած հասցուած է Ուքրանիոյ ուժանիւթային, ռազմական հրամանատարութեան եւ կապի կառոյցներուն: Եթէ մեր տարածքին ահաբեկչական յարձակումներ իրականացնելու փորձերը շարունակուին, Ռուսիոյ պատասխանները պիտի ըլլան կոշտ եւ մաշտապային՝ պիտի համապատասխանեն Ռուսիոյ Դաշնութեան նկատմամբ ստեղծուող սպառնալիքներու մակարդակին: Այս հարցով ոչ ոք պէտք է կասկածի»,- ամփոփած է պետութեան ղեկավարը։