image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստանը Հայաստանին յատկացուցած է 50.000 դեղաչափ «Սփութնիք» պատուաստ

 Ռուսաստանը Հայաստանին յատկացուցած է 50.000 դեղաչափ «Սփութնիք» պատուաստ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետյանի եւ ՌԴ պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Սերկէյ Շոյկույի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցած է է 50.000 դեղաչափ «Sputnik-V» պատուաստանիւթ:

14 Հոկտեմբերին պատուաստանիւթի խմբաքանակը ռազմաճանապարհային ինքնաթիռով տեղափոխուած է Երեւան:

Ստացուած պատուաստանիւթը պիտի օգտագործուի ՀՀ զինուած ուժերու կարիքներուն համար, խմբաքանակին մէկ մասն ալ պիտի յատկացուի ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան՝ քաղաքայիններու պատուաստումներու նպատակով։