image

Պայտընի վարչակարգը 50 միլիոն տոլար յատկացուցած է Կազայի մէջ պահպանակներ բաժնելու համար. Խօսնակ

Պայտընի վարչակարգը 50 միլիոն տոլար յատկացուցած է Կազայի մէջ պահպանակներ բաժնելու համար. Խօսնակ

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Կազայի հատուածին մէջ պահպանակներ բաժնելու համար 50 միլիոն տոլար յատկացուցած է. ճեպազրոյցին նման պնդմամբ հանդէս եկած է Սպիտակ տան նոր խօսնակը՝ առանց որեւէ ապացոյց ներկայացնելու, գրած է The Guardian-ը:

«Սա հարկատուներու փողերու անհեթեթ վատնում է», - ընդգծած է Քերոլայն Լեւիթը՝ կրկնելով նմանատիպ օտարերկրեայ օգնութեան ծրագրերը սառեցնելու անհրաժեշտութիւնը։

Լեւիթի խօսքով՝ «ամերիկացի ժողովուրդը նախագահ Թրամփին մանթատ տուած է նոյեմբեր 5-ին, եւ ան պիտի փորձէ ապահովել, որ  վճարուող հարկերը իրականութեան մէջ օգտագործուին ամերիկացի ժողովուրդի կամքին եւ առաջնահերթութիւններուն համահունչ»: