image

Պաքու. Ձերբակալուած են «Սփութնիք» ծառայութեան աշխատակիցներ

Պաքու. Ձերբակալուած են «Սփութնիք» ծառայութեան աշխատակիցներ

Պաքուի մէջ «Sputnik Ատրպէյճան»ի խմբագրութեան մէջ խուզարկութիւններէն ետք ձերբակալուած է եօթ մարդ, որոնցմէ երկուքը կալանաւորուած են։ Տեղեկութիւնը յայտնած է երկրի Ներքին գործոց նախարարութիւնը:

Նշուած է, որ քրէական գործ յարուցուած է քրէական օրէնսգիրքի «խարդախութեան, ապօրինի ձեռնարկատիրութեան եւ յանցաւոր ճանապարհով ստացած գոյքի օրինականացման մասին» յօդուածներով:

Աւելի վաղ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր «Ռոսիա սեկոտնիա»-ի (Sputnik) ներկայացուցչութեան փակման մասին: Ռուսաստանեան ընկերութեան թոյլատրուած է հաւատարմագրում ստանալ միայն մէկ թղթակցի համար։ Ատկէ ետք Sputnik-ի մասնաճիւղի աշխատանքի հետ կապուած խնդրի իրաւական լուծման շուրջ տարուած են բանակցութիւններ։

Սակայն Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու սրման լոյսին տակ, որ ծագած է Եկատերինպուրկի մէջ սպանութիւններու եւ մահափորձերու պատճառով ատրպէյճնական սփիւռքի ներկայացուցիչներու զանգուածային ձերբակալութիւններէն ետք, «Sputnik Ատրպէյճան»ի գրասենեակը ենթարկուած է խուզարկութեան։

Ներքին գործոց նախարարութիւնը այդ անուանած է «յատուկ գործողութիւն»։ Ձերբակալուած են գործակալութեան ղեկավար Իկոր Քարթավիխը եւ գլխաւոր խմբագիր Եւկենի Պելոուսովը։ Տեղական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ` աշխատակիցներուն առաջադրուած են անհեթեթ մեղադրանքներ, թէ իբր վերջիններս «Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան գործակալներ են»։