ՌԴ ներքին գործոց նախարարութիւնը որոշում կայացուցած է 50 տարիով արգիլել Պելառուսիոյ, Մոլտովայի եւ Փաքիստանի մէջ Ատրպէյճանի նախկին դեսպան Իսֆանտիար Վահապզատէի մուտքը Ռուսաստանի տարածք՝ ռուս ժողովուրդի մասին վիրաւորական արտայայտութիւններ թոյլ տալու համար, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը՝ յղում ընելով ՌԴ ՆԳՆ մամուլի կեդրոնին:
Աւելի վաղ Պետական Տումայի փոխխօսնակ Փիոթր Թոլսթոյը յայտնած էր, որ Վահապզատէն տեսախցիկի առաջ ռուսերը խոզեր անուանած է:
«Այսօր որոշումներ կայացուած է Ղազախիստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Քուաթ Ախմետովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի Իսֆանտիար Վահապզատէի մուտքը ՌԴ տարածք 50 տարիով արգիլելու մասին, քանի որ անոնք համացանցի մէջ ազգամիջեան պառակտում հրահրող հրապարակային յայտարարութիւններ ըրած են», - ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Քուաթ Ախմետովը յայտարարած է, որ ռուսերը, իբր, արհամարհական վերաբերմունք ունին իր հայրենակիցներու նկատմամբ:
«Ռուսաստանի ՆԳՆ-ն կը նախազգուշացնէ, որ ՌԴ-ի, անոր բնակիչներու եւ արտերկրի մէջ բնակող հայրենակիցներու հանդէպ ապակառուցողական գործողութիւններու կոչ ընող օտարերկրեայ քաղաքացիներուն թոյլ չի տրուիր մուտք գործել երկիր՝ կապուած այն բանի հետ, որ Ռուսաստանի մէջ անոնց գտնուիլը կրնայ սպառնալ հասարակական կարգին եւ անվտանգութեան»: