image

Ռուսահայ գեղասահորդուհի Ատելիա Պետրոսեան՝ Ռուսիոյ եռակի ախոյենուհի

Ռուսահայ գեղասահորդուհի Ատելիա Պետրոսեան՝ Ռուսիոյ եռակի ախոյենուհի

Ռուսահայ Ատելիա Պետրոսեան երրորդ անգամ անընդմէջ դարձած է գեղասահքի Ռուսիոյ ախոյենուհի։

Ախոյենութեան մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Սենթ Փեթէրսպուրկի մէջ։ Ատելիա մենասահքի կարճ եւ ազատ մրցաձեւերու արդիւնքով հաւաքած է 235.95 նիշ։

Ատելիա Փետրուար 2026ին պիտի մասնակցի Ողիմպիական խաղերուն, բայց պիտի չկարենայ ներկայացնել Ռուսիան։ Ան հանդէս պիտի գայ Ողիմպիական դրօշակի ներքոյ։