Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկըր Խովաեւը այցելած է Պաքու։
Ատրպէյճանական ԶԼՄ-ներու հաղորդմամբ՝ դիւանագէտը Պաքուէն պիտի ժամանէ Երեւան։
Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն աջակցող Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկըր Խովաեւ կանոնաւոր խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ կողմերու հետ՝ խաղաղութեան համաձայնագրի փոխընդունելի հիմնարար սկզբունքներու հասնելու համար։