image

Ռուպիօ եւ Փաշինեան համակարծիք 

Ռուպիօ եւ Փաշինեան համակարծիք 

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը համակարծիք են, որ Հարաւային Կովկասի մէջ մագլցումը իր որեւէ դրսևորմամբ անընդունելի է։ Այս մասին ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

«Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօն եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը քննարկած են ընդհանուր շահերը՝ որպէս ռազմավարական գործընկերներ։ Արտաքին գործոց նախարարը ողջունած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ համաձայնութիւնը եւ ընդգծած կայուն խաղաղութեան կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու շրջափուլը կոտրելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութիւն եւ բարգաւաճում բերելու համար։ Արտաքին գործոց նախարարն ու վարչապետը համակարծիք են, որ Հարաւային Կովկասի մէջ մագլցումն իր որեւէ դրսեւորմամբ անընդունելի է», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։