«Ռուսերը, մեղմօրէն ըսած, գոհ չեն Հայաստանի մէջ մեր ներգրաւուածութենէն»։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ:
«Կը կարծեմ` կան փաստեր, որոնք կը վկայեն, որ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու խորացման պատճառով անոնք կը փափաքէին, որ գործող վարչապետը պարտուէր ընտրութիւններուն», նշած է ան։
Ռուպիօ աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ որեւէ կերպ չի միջամտեր Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ չի ստիպեր Հայաստանին՝ խզել բարեկամական կապերը այլ երկիրներու հետ:
«Մենք պարզապէս կ՛ուզենք, որ մեր յարաբերութիւնները կառուցուին ոչ միայն խաղաղութեան վրայ: Խաղաղութիւնը կարեւոր է, բայց ատիկա միայն սկիզբն է, որ կը բանայ տնտեսական կարելիութիւններ», շեշտած է նախարարը։