Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններուն կը մասնակցի Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ։
«Դա եղել է վարչապետի որոշումը, եւ զարմանալու բան չկայ։ Պարոն Ռուբինեանն Ազգային ժողովի փոխխօսնակն է, կարծում եմ, որ որեւէ վատ բան չկայ նրանում, որ Ազգային Ժողովն էլ է մասնակցում։ Սա վերջին հաշուով, խորհրդարանական հանրապետութիւն է, եւ պարոն Ռուբինեանի դէմքով Ազգային Ժողովն էլ է մասնակցում այդ բանակցութիւններին։ Ի՞նչ վատ բան կայ այդտեղ», - Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է պատգամաւոր Արման Եղոյեանը։
Հարցին, թէ արդեօք այդ չի նշանակեր, որ հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական գործընթացները փոխշաղկապուած են, ան պատասխանած է. «Պարոն Ռուբինեանի ներկայութիւնն ինքնին դա չի նշանակում»:
Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովի նիստին այսօր ընդդիմադիր պատգամաւորները հետաքրքրուած էին, թէ ինչու հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն կը մասնակցի Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու մէջ Հայաստանի բանագնաց, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը: