image

Ռազմական պիւտճէի կրճատման առընթեր ՀՀ իշխանութիւններու կատարածը արկածախնդրութիւն է

Ռազմական պիւտճէի կրճատման առընթեր ՀՀ իշխանութիւններու կատարածը արկածախնդրութիւն է

Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ռազմական պիւտճէի կրճատումը, յատկապէս Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէի աւելացման զուգահեռ, մեղմ ըսած, մտահոգիչ է: Գրած է միջազգայնագէտ Սուրէն Սարգսեան։

«Ակնյայտ է, որ այս մէկը կ'ըլլայ ոչ թէ անհրաժեշտութենէ եւ ռազմավարական հաշուարկներէ մղուած, այլ «խաղաղութեան օրակարգը» հրամցնելու համար՝ ինչպէս ներսի, այնպէս ալ դուրսի լսարանին համար։ Եւ ասիկա տեղի կ'ունենայ համաշխարհային եւ տարածաշրջանային ցնցումներու ժամանակաշրջանին, երբ աշխարհը այլ ճամբայով կ'երթայ։

Օրինակ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ամբողջապէս կը փոխէ իր ռազմական տրամաբանութիւնը: «Պաշտպանութեան բաժնի (դեպարտամենտի) » անուանափոխումը «Պատերազմի բաժնի» զուտ թեքնիք փոփոխութիւն մը չէ. ասիկա ցոյց կու տայ, որ ԱՄՆ-ը աշխարհի մէջ տիրող իրավիճակին իր մօտեցումը կը վերանայի՝ գնահատելով ապագայի զարգացումներն ու մարտահրաւէրները: ԱՄՆ Պատերազմի քարտուղարը օրեր առաջ յայտարարեց, որ ԱՄՆ-ը կը պատրաստուի պատերազմի եւ առաջ պիտի մղէ «Խաղաղութիւն ուժի միջոցով» սկզբունքը: Հեկսեթը բառացիօրէն նշած է, որ Պատերազմի բաժնի միակ առաքելութիւնը պիտի ըլլայ պատերազմ վարելը:

Իր կարգին, Թրամփ յայտարարած է, որ 2026-ին կը նախատեսէ ռազմական կարիքներու համար 1 թրիլիոն տոլար տրամադրել, ինչ որ աննախադէպ մեծ պիւտճէ կը նկատուի:

Այս բոլորին առընթեր Հայաստանի պաշտպանական պիւտճէի կրճատումը ցուցադրական արկածախնդրութեան կը նմանի»,- գրած է Սարգսեան։