Ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութիւնը միշտ ալ կայ, աւելին՝ այն բարձր է։ Ռուսական «Ռէկնում» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին նման յայտարարութիւն ըրած է ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը՝ պատասխանելով հարցին, թէ որքան ան հաւանական կը գտնէ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը: «Հակառակորդի ներկայիս պահուածքը հիմքեր կու տայ եզրակացնելու, որ ան դեռ ամբողջութեամբ չէ հրաժարած իր մտադրութիւններէն: Ուստի, ապագային որեւէ պահու հնարաւոր է ռազմական գործողութիւններու վերսկսում: Ամէն պարագայի, ապրիլեան պատերազմը որոշ զսպող ազդեցութիւն ունեցած է հակառակորդի վրայ: Այդ մէկը կ'երեւի նաեւ անոնց յայտարարութիւններէն»,- ըսած է Մնացականեան, աւելցնելով,- «Եթէ նախապէս անոնք կ'ըսէին, որ յաղթանակ կը տանին երեք օրուայ մէջ, այժմ նման յայտարարութիւններ այլեւս չեն հնչեր, եւ ես յոյսով եմ, որ անոնք ընդհանրապէս կը հրաժարին իրենց մտադրութիւններէն»,-ըսած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը:
Ի պատասխան, այն հարցին, թէ եթէ Ազրպէյճան գործադրէ իր սպառնալիքը ՝ «Սմերջ» համակարգով Ստեփանակերտը հարուածելու մասին, ԼՂ պաշտպանութեան բանակի արձագանգը ի՞նչ կ'ըլլայ, Լեւոն Մնացականեան ըսած է. «Եթէ Ազրպէյճանը հարուածներ հասցնէ Ստեփանակերտին, ապա համապատասխան միջոցներ ձեռք կ'առնուին: Թէ ինչ միջոցներ, թող գաղտնիք մնայ անոնց համար: Պատասխանը, պարզապէս, անհամաչափ կ'ըլլայ»: