image

Դեռ վաղ է խօսիլը Կազայի գործողութիւններու աւարտին մասին․ Նաթանիահու

Դեռ վաղ է խօսիլը Կազայի գործողութիւններու աւարտին մասին․ Նաթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ըսած է, որ դեռ վաղ է խօսիլ Կազայի հատուածին մէջ ՀԱՄԱՍ-ի հետ հրադադարի մասին համաձայնագրի հեռանկարներու մասին, քանի որ Իսրայէլը չէ ստացած պատանդներու ցուցակը, որոնք կրնան ազատ արձակուիլ:

«Ես կը պահանջեմ նախապէս իմանալ բոլոր առեւանգուածներու անունները, որոնք ազատ պիտի արձակուին ծրագրի շրջածիրէն ներս ։ Այս հարցի պատասխանը ես դեռ չեմ ստացած։ Դեռ վաղ է ըսել, թէ արդեօք մենք կը համաձայնեցնենք հրադադար յառաջիկայ օրերուն»,-յայտարարած է Նաթանիահուն մամուլի ասուլիսի ժամանակ։

«Գործարքով կամ առանց գործարքի մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ մինչեւ լիակատար յաղթանակ»,- ընդգծած է ան։