image

Ռահի Պատրիարքի Ռիատ այցին առաջին «արձագանք»ը. Պիտի վերանորոգուի 900 տարեկան եկեղեցի մը

Ռահի Պատրիարքի Ռիատ այցին առաջին «արձագանք»ը. Պիտի վերանորոգուի 900 տարեկան եկեղեցի մը

Լիբանանի մարոնիթ համայնքի Պշարա Ռաաի պատրիարքը Սէուտական Արաբիոյ մէջ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Նշենք, որ Լիբանանի մարոնիթ համայնքի Պշարա Ռաաի պատրիարքը երկուշաբթի օր ժամանած է Սէուտական Արաբիա եւ մինչեւ Հարիրիի հետ հանդիպիլը հանդիպած ու բանակցած է երկրի թագաւոր Սալման Պին Ապտ Ալ Ազիզի հետ:

Ըստ քուէյթեան «Ալ Ռայ» թերթին, պատրիարք Պշարա Ռաաիի այցելութիւնը լի էր անակնկալներով: Անակնկալներէն ամէնէն յատկանշականը Սէուտական Արաբիոյ թագաւորի յայտարարութիւնն էր, թէ մտադիր է երկրին մէջ յայտնաբերուած 900 տարուան պատմութիւն ունեցող եկեղեցին վերանորոգել եւ նուիրել քրիստոնեայ համայնքին, որպէս յատկանշական քայլ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան, որ երկար տարիներէ ի վեր դադրած էր:

Նշենք նաեւ, որ լիբանանցիներէն շատեր յոյս ունին, թէ պատրիարքը Լիբանան վերադարձին իր հետ պիտի նաեւ վարչապետ Հարիրին, որ թուիթըրեան գրառմամբ մը հաստատած է, որ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին երկրի պիտի վերադառնայ: