Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ամենազդեցիկ կրօնական գործիչներէն՝ Երանաշնորհ Կարտինալ Գրիգոր Աղաճանեանի անունը կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կենդրոն։ Նշենք, որ Կարտինալի սրբադասման դատը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է եւ այդ առումով ալ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ եւ անշուշտ նուիրական ճիգերով Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս- Պատրիարք Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեանին օրերս Հռոմի մէջ բացումը կատարուած է վերանորոգուած այն սենեակին, ուր մահականցու իր կեանքի վերջին պահերը ապրած է սրբանուն Կարտինալ Աղաջանեանը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութեան կողմէ պատրաստուած լրատւութիւնը։
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ Մինասեան Կաթողիկոս- Պատրիարքը բացումը կատարեց այս սենեակին, որուն մէջ Աստուծոյ Ծառայ՝ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան ապրեցաւ իր հիւանդութեան վերջին շրջանին եւ ուր իր մահկանացուն կնքեց Հռոմ, 16 Մայիս 1971-ին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մայրավանքին մէջ:
Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հալէպի թեմին առաջնորդը՝ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանին հայրերը եւ միաբան քոյրեր:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, օրհնութենէն ետք, Աստուծոյ երախտապարտ ըլլալով՝ իր շնորհակալական խօսքն ուղղեց միաբան քոյրերուն եւ մասնաւորապէս Մայր Արուսեակ Սաճոնեան մեծաւորուհիին, որ ուզեց յարգել Աստուծոյ Ծառան՝ վերականգնելով պատմական ու հոգեւոր կապը երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեան Աստուծոյ Ծառային եւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան կուսաններուն միջեւ:
Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը շարունակեց.«Ասիկա իւրայատուկ առիթն է, որ ցոյց կու տայ Կարտինալ Աղաճանեանի մեծ սէրը Եկեղեցիին հանդէպ, որուն համար պատրաստ էր իր կեանքը նուիրել մինչեւ վերջին շունչը, ա՛յն Եկեղեցիին համար, որ Քրիստոսի կենդանի Խորհրդական Մարմինն է»:
Սենեակին մէջ Աստուծոյ Ծառայ՝ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան ապրեցաւ իր հիւանդութեան վերջին շրջանին եւ այտեղ կնքեց իր մահկանացուն, Հռոմ, 16 Մայիս 1971-ին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մայրավանքին մէջ:Այս սենեակին մէջ կը ցուցադրուին Կարդինալ Աղաճանեանէն յիշատակելի նմոյշներ, որոնք պահպանուած են միաբան քոյրերուն կողմէ, ինչպէս՝ զգեստն ու գլխարկը, վերարկուին կոճակները: Ձախ կողմ գտնուող փոքրիկ սեղանը «խորանն» էր: Նաեւ կը գտնուին Աստուծոյ Ծառային մահուան օրէն բաժակ մը, ինչպէս ալ անոր ներքնաշապիկէն քրտինքով թրջուած փոքր կտոր մը:
- Այսօր, անոնք կրնան ցուցադրուիլ հաւատացեալներուն:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եզրափակեց իր խօսքը՝ յիշելով եւ յիշեցնելով Կարդինալ Աղաճանեանի՝ Աստուծոյ Ծառային հետեւեալ խօսքերը.«Քրիստոնէաբար ապրելով ու գրկելով տառապանքը՝ աղօթելու կատարեալ ձեւերէն մին է»: