Երեքշաբթի 26 Յուլիսի առաւօտեան Մելպուրն գտնուող Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, այցելեց Մելոպւրնի Սան Փաթրիք Աթոռնաիստ Եկեղեցին, ուր հանդիպում ունեցաւ Լատին Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Փիթըր Քոմէնսոլի հետ։
Հոգեւոր Տիրոջ կ՜ընկերանային Աւստրալիայի Հայ Կաթողիկէներու Հովիւ գերապատիւ Բարսեղ Վարդապետ Սուսանեան եւ Պէյրութի թեմին օգնական եպիսկոպոս` գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանը։
Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած երկու ժամէ աւելի տեւած հանդիպումի ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ Մելպրունի լատինաց առաջնորդը քննարկեցին Հայ Կաթողիկէ համայնքին ու եկեղեցւոյ վերաբերող որոշ հարցեր։
Անոնք զրուցեցին ու անդրադարձ կատարեցին նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի իրավիճակներու մասին, որուն ծիրէն ներս քննարկեցին համագործակցութեան կարելիութիւններ մասնաւորապէս Լիբանանի Հայական դպրոցներուն աջակցութիւն ապահովելու ուղղութեամբ։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը Մելպուրնի հովուական այցելութիւնը աւարտեցին մի քանի հայ կաթողիկէ ընտանիքներուն հետ ունեցած հանդիպումներով։ Անոնք` վաղը, 27 Յուլիսին կը փոխադրուին Սիտնէյ ուր կը շարունակուի Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ի հովուապետական անդրանիկ այցը Աւստրալիա։