image

Քուրսքի գրոհի հարցով Միացեալ Նահանգներու նեցուկը բացայայտ է. ԱՄՆ-ի մէջ Ռուսաց Դեսպան

Քուրսքի գրոհի հարցով Միացեալ Նահանգներու նեցուկը բացայայտ է. ԱՄՆ-ի մէջ Ռուսաց Դեսպան

Ուքրանիան ոչինչ կ'ընէ առանց իր տէրերուն՝ Միացեալ Նահանգներու թոյլտուութեան։ Այս մասին, անդրադառնալով Ռուսիոյ Քուրսքի մարզի վրայ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու յարձակման, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով։

«Առանց Ուաշինկթընի համաձայնութեան անոնք պարզապէս չէին համարձակեր մատ շարժել, ինքնաձիգ կամ հրացան ուղղել մեր ուղղութեամբ։ Կամ, յամենայնդէպս, անոնք վստահ են, որ իրենց ցանկացած գործողութիւն պիտի ստանայ արեւմտեան երկիրներու աջակցութիւնը», - լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Անթոնով՝ շեշտելով, որ ամերիկացիներն ամէն ինչ իմացած են, գիտեն, եւ ոչինչ կը կատարուի առանց անոնց տեղեակ պահելու։

Միեւնոյն ժամանակ ան Առաջին ալիքի «Մեծ խաղ» հաղորդման եթերով յայտարարած է, որ կասկած չկայ՝ Քուրսքի մարզի վրայ յարձակած ուքրանական զինուած ուժերու զինուորականները կ'ոչնչացուին։

«Ոչ ոք կը կասկածի, որ անոնք կ'ոչնչացուին։ Ոչ թէ ետ կը մղուին, այլ կ'ոչնչացուին: Բայց այն փաստը, որ մենք դեռ չենք վերացուցած Ռուսիոյ Դաշնութեան անվտանգութեան բոլոր սպառնալիքները, կը խօսի միայն մէկ բանի մասին՝ հարկաւոր է ուժեղացնել բանակն ու նաւատորմը, եւ պէտք է բոլորս միասին մտածենք մեր հայրենիքի պաշտպանութեան մասին»,- ըսած է ան։