Քուպայի ափերու մօտ 6,8 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ գրանցուած է։ Այս մասին յայտնած է Եւրոպական-միջերկրածովեան երկրաշարժագիտական կեդրոնը։
Երկրաշարժի կեդրոնը գտնուած է Պարթոլոմէ Մասո քաղաքէն 41 քմ հարաւ, օճախը գտնուած է 17 քմ խորութեան վրայ։
Ատկէ ժամեր առաջ Պարթոլոմէ Մասո քաղաքէն 34 քմ հարաւ-արեւելք գրանցուած էր 6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ:
Վնասուած են շինութիւններ եւ ենթակառուցուածքային կառոյցներ:
Ինչպէս գրած է cubaheadlines.com-ը, գրանցուած է աւելի քան 300 յետցնցում, որմէ 15-ը բնակիչները զգացած են: