Աֆղանստանի Ճելալապատ քաղաքի մօտակայքը տեղի ունեցած է 6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ։
RTA հեռուստաալիքի հաղորդմամբ, զոհուած է մօտ 500, վիրաւորուած՝ 1,000 մարդ։
Անոնց տեղեկութիւններու համաձայն՝ փլատակներու տակ բազմաթիւ զոհեր կան, ուստի զոհերու թիւը կրնայ աճիլ։
Սկսած է լայնածաւալ փրկարարական գործողութիւն։