Քամչաթքայի մէջ, 8.8 աստիճան ուժգնութեամբ հուժկու երկրաշարժէն ետք, կը շարունակուի յետցնցումներու բնական գործընթացը։ Ըստ «Արմէնփրէս»-ի, այս մասին հաղորդած են Ռուիոյ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Երկրաֆիզիքական ծառայութեան Քամչաթքայի մասնաճիւղէն։
«Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է 71 յետցնցում, որոնցմէ չորսը բնակավայրին մէջ զգացուած է՝ 2-3 աստիճան ուժգնութեամբ», — յայտնած են ծառայութեան մասնագէտները։
Տարածաշրջանին մէջ ներկայիս արձանագրուած է 7 հրաբուխի աշխուժութիւն։ Գիտնականներու կարծիքով՝ հողաշարժերը կրնան արթնցուցած ըլլալ այդ հրաբուխներէն մի քանին։
Յուլիս 30-ի առաւօտեան, Քամչաթքայի ափերուն մօտ տեղի ունեցած է զօրաւոր երկրաշարժ, որ ըստ իշխանութիւններու՝ եղած է ամենաուժեղը՝ 1952-էն ի վեր։ Ուժգնութիւնը հասած է 8.8-ի։
Նոյն առաւօտ, ուժգին ցնցումներ զգացուած են նաեւ Սեւերո-Քուրիլսք քաղաքին մէջ, իսկ անոր յաջորդած է ցունամիի առաջացում։
Երկրաշարժը նաեւ ցունամիի պատճառ դարձած է Խաղաղ Ովկիանոսին մէջ, որուն սպառնալիքի մասին ազդարարած են Ճափոնի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Ֆիլիփիններ եւ շարք մը այլ երկիրներու իշխանութիւնները։