image

Քոպանիի վերջին հայերը հեռացած են շրջանէն

Քոպանիի   վերջին հայերը   հեռացած են շրջանէն

Քոպանիի (Արաբունար)     վերջին  հայերը  հեռացած են  շրջանէն։  Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   շրջանի  իր աղբիւրէն։  Մեր   աղբիւրին  հաղորդմամբ,    մինչեւ  երէկ    Գոպանիի մէջ ապրող     եւ որպէս բժիշկ ծառայող  հայորդիները    մեկնած են  աւելի ապահով   շրջան մը։

Կը նշուի  նաեւ, որ     մի քանի ժամ  առաջ Քոպանին   թիրախ  դարձաւ թրքական ուժերու հրթիռարձակումներուն։

Նախնական տուեալներով   վնասները    նիւթական  են եւ  մարդկային տոյժեր չեն  արձանագրուած։

Յիշեցնենք, որ  Քոպանիի մէջ   որպէս  բժիշկ  աշխատող  մեր հայրենակիցները    բնիկներ  չեն, այլ  Գոպանի  հասած են    գործի  բերումով։

Մօտիկ անցեալին ու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը  յաջորդող շրջանին  Արաբունարը   եղած է հիւսիսային Սուրիոյ հայութեան կարեւորագոյն  բնակավայրերէն մին, մինչեւ 1970-ականներ,  երբ  հայութիւնը մեծ  թիւերով    լքած է  այդ  քաղաքը  եւ    տեղափոխուած  մասնաւորապէս Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։