ՀՀ երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ 24 օգոստոսին կայացած է ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան նիստ։ Յայտնած է դաշինքը։
Նիստի քննարկման առանցքային թեման եղած է Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակը, հնարաւոր հանգուցալուծումները։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ յառաջիկային կայանալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն։
Խմբակցութիւնը որոշած է իր աջակցութիւնը յայտնել «Մայր Հայաստան» դաշինքին, որու քաղաքապետի թեկնածուն «Հայաստան» խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեանն է։
«Քննարկուել են նաեւ ԱԺ առաջիկայ նստաշրջանի շրջանակներում խմբակցութեան հետագայ անելիքները»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։