image

Քրիստոնեայ աշխարհը, պատերազմը եւ ... մենք

  Քրիստոնեայ աշխարհը, պատերազմը եւ ... մենք

 Նոյն աղօթքով չէի՞ն մեծցած  միթէ իտալացիները, եւ արդեօք, նոյն պատերազմներու ահին ու մահին քաջածանօթ չէի՞ն Համաշխարհայինի երկրորդ պատերազմէն յարութիւն առած գերմանացիները։

 Այո՛, էին, բայց տխուրն այն էր, որ զանոնք միացնող եւ իրենց անցեալն ու հաւատալիքը ի մի բերող Քրիստոնեայ աշխարհը անուժ էր։ 

 Անուժ էր, որովհետեւ թուլացած անոր հաւատքը եւ հաւատամքը գրեթէ ինկած։

 

Եթէ իզմերու համար չէ այսօր ընթացող պատերազմին ենթախորքը, ապա անպայման պէտք է վերադառնալ քրիստոնէական հիմքերուն։

 Ուղղափառ Ռուսաստանը, որ երկար դարերու հզօրութիւն եւ անցեալ ունի այսօր կը փորձէ ճեղքել Արեւմուտքի կողմէ ստեղծուած բաւականին «ուժեղ» համարուող բեւեռը։

 

 Կողմ մը, որ երբեք ալ բարիք չբերաւ մարդկութեան, այլ ընդհակառակը մեծապէս հարուածեց Արեւելքի (նկատի ունինք Մերձաւոր Արեւելքի) քրիստոնեաները, եւ ստիպեց անոնց, որ տուն-տեղ թողնեն ու հեռանան դէպի անյուսալի ափեր։

 Այդպէս տեղի ունեցաւ «խաղ»ը եւ Իրաքի դարաւոր քրիստոնեաները ՝ Բաբելոնէն, մինչեւ Նինուէ, մինչեւ Պասրա, մինչեւ Մուսուլ ու Պաղտատ դաշունահարուածի զգացումը իրենց աչքերուն հեռացան իրենց ծննդավայրերէն եւ նետուեցան, նոյն Արեւմուտքին կողմէ «կառուցուած» եւ մարդ արարածը իր «հալոց»ներուն մէջ տարբաղադրող հեռաւոր քաղաքներ։

 Նոյնը պատահեցաւ Համայի մէջ, Հոմսի մէջ, տակաւին Հալէպի, Թարթուսի, Լաթաքիոյ եւ նոյնիսկ Քեսապի մէջ։

 Խոպան դարձաւ Արեւելքի շէնշող եզերքը եւ տառապանքը, որ աճեցաւ ամէն աւանի, ամէն ափի, ամէն եզերքի ու ամէն մայթի վրայ դարձաւ համատարած։

Քրիստոնէութիւնը, որպէս թիւ եւ ձեւական կենսակերպ համարող Արեւմուտքը շարունակեց իր արիւնալի խաղերը, նոյն կերպ վարուելով Քապուլի, Գանտահարի, եւ Հէլմատի մէջ։

 Կիզակէտը ուրեմն եւ թիրախը Քրիստոնէութեան փոքրիկ ծիլը չէր, այլ կիզակէտը համահարթեցումն էր, որմէ անդին ալ Արեւմտեան Պլոքը իր ամբողջ ներուժը դրաւ «սառնարան»էն դուրս բերելով «դիակ» դարձած ՆԱԹՕ-ն ու կեանք տուապ  հին-նոր  համարուող հակամարտութեան մը, որուն կիզակէտը անշուշտ Մերձաւոր Արեւելքի իր խաղերուն դէմ «կուրծք տուած» Ռուսաստանն էր։

 Դարանակալ մօտեցումներով, եւ գաղտնագողի խաղերով տեղի ունեցող գործընթացները իրավիճակը տարին մեծ հասունացման, որուն հետեւանքով ալ այսօր արիւն կը հոսի Ռուսաստանի սահմաններուն վրայ։ 

 Հարց ինչո՞ւ համար եղաւ այս պատերազմը եւ եղած ահաւորութեան ու սարսափներուն դիմաց, ինչու այսքան անուժ, անողնայար եւ անդէմ դուրս եկաւ Քրիստոնեայ մեծ աշխարհը։

 

 Միթէ քրիստոնեաներ չէի՞ն իրար դէմ կրակ բացողները, միթէ եղբայրներ չէի՞ն, Ուքրաններն ու Ռուսները, միթէ նոյն մշակոյթի, նոյն հացի եւ նոյն աղօթքի զաւակները չէի՞ն անոնք։

 Ու այս բոլորի կողքին, միթէ Քրիստոսի Սուրբ հաղորդութեան մասնակիցը չէին Լեհերը, Ֆրանսացիները, Պուլկարները եւ Բրիտանացիները։ 

 Նոյն աղօթքով չէի՞ն մեծցած  միթէ իտալացիները, եւ արդեօք, նոյն պատերազմներու ահին ու մահին քաջածանօթ չէի՞ն Համաշխարհայինի երկրորդ պատերազմէն յարութիւն առած գերմանացիները։

 Այո՛, էին, բայց տխուրն այն էր, որ զանոնք միացնող եւ իրենց անցեալն ու հաւատալիքը ի մի բերող Քրիստոնեայ աշխարհը անուժ էր։ 

 Անուժ էր, որովհետեւ թուլացած անոր հաւատքը եւ հաւատամքը գրեթէ ինկած։

 Ու այդ պատկերին առջեւ, Քրիստոսի Մեծ Աստուածութեան եւ ամենակարողութեան դիմաց, նոյնքան խոցելի էին անոնք, նոյնքան անհաւատ էին, եւ նոյնքան անձնասէր։

 

 Տակաւին մամոնայի մասին չենք խօսիր, չենք խօսիր կազի ու նաւթի, շահի եւ արեան կշիռներուն մասին, որոնց մէկ տարբերակին մենք հայերս ականատես եղանք ամբողջ աշխարհի աչքերուն դիմաց։

 Մեզ դարձեալ խոցեցին, նահատակեցին, մեր մորթն ու կաշին քերթեցին եւ մեզ սպաննեցին։

 Նոյն անկումնային համակարգերուն դիմաց, որոնց արտաքին բեղն էր մեզի համար հասկնալի։

 Մէկը մեզի իսլամի անունով խօսեցաւ, բայց մենք շատ լաւ գիտէինք, որ իրական իսլամը այդ չէ, ուրիշ մը կազի անունով եւ նոր խողովակաշարերու անկիւնէն յարեց, բայց խորքը միայն այդ չէր։

 Մեծ հարցումներու ժամանակը կը մտնենք, ու ամէն անգամ Յարութեան յոյսին կը կառչինք, մոռնալով, որ իրական ուժը միայն հանդերձեալ կեանքին կառչելու իմաստութիւնը չէ։

 Մեզի պէտք է, որ աշխարհը սթափի, մեզի պէտք է, որ քրիստոնէութիւնը դառնայ իրական համակարգ, գուցէ ուժ, յանուն արդարին եւ յանուն աշխարհի խաղաղութեան։

 Խաղաղութիւնը միայն ուժով կը կերտուի, իսկ երբ դիմացինը երկաթեայ բազուկով պիտի հարուածէ, հարկ է գտնել քաղաքի իրական բանալին, որ մեր ձեռքերուն էր մինչեւ երէկ, իսկ այսօր գրեթէ չկայ...

 Հոս է իրական հարցը եւ հարցումը մեծ հարցերուն ՝ ո՞ւր է այսօր Քրիստոնեայ աշխարհի աղը, ուր է իրական հաւատքը ու ուր է խոստացուած հաւատամքը։

 Միայն հանդերձեա՞լ է, իսկ եթէ հանդերձեալ է, ապա մինչեւ երբ մենք Տէրոջ Գառը պիտի դառնանք։

 Հէրիք չէ՞ր այդքան արիւնը։

 

 Հարցումը դրինք, կարմիր բառերով, իսկ պատասխանը քեզի է սիրելի ընթերցող։

 

«Ա»