Քրեմլին կը հաստատէ «Եռակողմ հանդիպում կայ»
Քրեմլինի մէջ հաստատած են այն տեղեկութիւնը, որ յաջորդ շաբաթ կը նախատեսուի Հայաստանի, Ռուսաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ Նիկոլ Փաշինեանի, Վլատիմիր Փութինի ու Իլհամ Ալեւի եռակողմ հանդիպումը։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը՝ նշելով, որ հանդիպումը կը նախապատրաստուի տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափով:
Աւելի վաղ «Ռոսիա-1» հեռուստաընկերութիւնը տեղեկացուցած էր, որ յաջորդ շաբաթ չի բացառուիր երեք երկիրներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ միջոցառումները՝ նուիրուած Արցախի վերաբերեալ կնքուած եռակողմ յայտարարութեան մէկ տարուան։