Հայաստանի իշխանութիւնը անհեթեթ կը համարէ մամուլին մէջ շրջանառուող լուրերը այն մասին, թէ Կիւմրիէն դուրս կը բերուի 102-րդ ռուսական ռազմախարիսխը: Այս մասին յայտնեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը:
Պատգամաւորը շտապեց յիշեցնել, որ Հայաստանն ու Ռուսաստանը «ռազմավարական դաշնակիցներ» են: «Այս պահին Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ նոր երկխօսութիւն է սկսուել` յատուկ բանագնացների միջոցով: Այն սկսուել է վերջերս, եւ, հետեւաբար, համապատասխան գերատեսչութիւնները կը տեղեկացուեն իրադարձութիւնների զարգացման մասին», ըսաւ Յովհաննիսեան` անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ ռուսական ռազմախարիսխի դուրսբերման մասին մամուլի հրապարակումներուն:
«Նման խօսակցութիւններն այս պահին որեւէ հիմք չունեն: Հետեւաբար, դրանք մեկնաբանութեան ենթակայ չեն: Նման քննարկում մեր իրականութեան մէջ չկայ», վստահեցուց քաղաքական ուժի ներկայացուցիչը:
Իր հերթին, ՔՊ-ական մէկ այլ պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեանը նշեց, որ ռազմախարիսխի տեղակայման պայմանագիրը կը գործէ մինչեւ 2049, լռելով այն մասին, որ կողմերէն մէկը որեւէ պահի կրնայ չեղարկել պայմանագիրը:
Նշենք, որ «Ժողովուրդ» օրաթերը գրած էր,որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ յանգեցնել ռուսական 102-րդ ռազմակայանի դուրսբերման: