image

ՔՊ-ն կը հերքէ Կիւմրիի ռուսական խարիսխի դատարկման մասին լուրերը

ՔՊ-ն կը հերքէ Կիւմրիի ռուսական խարիսխի դատարկման մասին լուրերը

Հայաստանի իշխանութիւնը անհեթեթ կը համարէ մամուլին մէջ շրջանառուող լուրերը այն մասին, թէ Կիւմրիէն դուրս կը բերուի 102-րդ ռուսական ռազմախարիսխը: Այս մասին յայտնեց «Քաղաքացիական պայմանագիր»  խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը:

Պատգամաւորը շտապեց յիշեցնել, որ Հայաստանն ու Ռուսաստանը «ռազմավարական դաշնակիցներ» են: «Այս պահին Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ նոր երկխօսութիւն է սկսուել` յատուկ բանագնացների միջոցով: Այն սկսուել է վերջերս, եւ, հետեւաբար, համապատասխան գերատեսչութիւնները կը տեղեկացուեն իրադարձութիւնների զարգացման մասին», ըսաւ Յովհաննիսեան` անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ ռուսական ռազմախարիսխի դուրսբերման մասին մամուլի հրապարակումներուն: 

«Նման խօսակցութիւններն այս պահին որեւէ հիմք չունեն: Հետեւաբար, դրանք մեկնաբանութեան ենթակայ չեն: Նման քննարկում մեր իրականութեան մէջ չկայ», վստահեցուց  քաղաքական ուժի ներկայացուցիչը:

Իր հերթին, ՔՊ-ական մէկ այլ պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեանը նշեց, որ ռազմախարիսխի տեղակայման պայմանագիրը կը գործէ մինչեւ 2049, լռելով այն մասին, որ կողմերէն մէկը որեւէ պահի կրնայ չեղարկել պայմանագիրը: 

Նշենք, որ «Ժողովուրդ» օրաթերը գրած էր,որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ յանգեցնել ռուսական 102-րդ ռազմակայանի դուրսբերման: