Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը X-ի իր էջին գրառում կատարած է՝ անդրադառնալով 4 դեկտեմբերին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կրակոցէն հայ զինծառայողի մահուան դէպքին։
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին կրակոցներու եւ զոհի մասին տեղեկութիւնը մտահոգիչ է։ ԵՄ-ն մշտապէս կապի մէջ է Պաքուի եւ Երեւանի հետ։ Կարեւոր է, որ երկու երկիրներու մէջ հանգստութիւն տիրէ եւ բանակցային սեղանի շուրջ վճռական առաջընթաց գրանցուի», - գրած է ան։
Յիշեցնենք, որ 4 դեկտեմբերին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակ բացած է Բարձրունիի (Վայոց Ձորի մարզ) հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով մահացած է զինծառայող Գերասիմ Աւետիքի Առաքելեանը։