Փաքիստանի իշխող դաշինքի աւելի քան 20 հազար կողմնակիցներ հաւաքուած են երկրի Գերագոյն դատարանի մօտ՝ բողոքելով նախկին վարչապետ Իմրան Խանի ազատ արձակման դէմ, յայտնած է Bloomberg-ը։
Մայիս 12-ին ան գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է կալանքէն, երբ քաղաքական գործիչի կողմնակիցներու բողոքի արշաւներըը տակնուվրայ ըրած են երկիրը:
Փաքիստանի Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Մաուլան Ֆատալ-Ռահմանի եւ Փաքիստանի «Իսլամական լիկա» կուսակցութեան առաջին փոխնախագահ Մարիամ Նավազ Շարիֆի գլխաւորութեամբ կուսակցութիւններու առաջնորդները բողոքի ցոյցերու ժամանակ դիմած են իրենց կողմնակիցներուն։
Express Tribune-ը գրած է, որ ցուցարարները նստացոյց ըրած են, իսկ կառավարման յանձնաժողովը սկսած է վրաններ խփել դատարանի շէնքի մօտ։ Bloomberg-ը յայտնած է, որ ցուցարարները կը պահանջեն գլխաւոր դատաւորի հրաժարականը։
Մայիս 9-ին Իմրան Խանը բերման ենթարկուած էր ոստիկանութեան կողմէ։ Ան ու անոր կինը՝ Պուշրա Պիպին, կը մեղադրուին փտածութեան եւ Al Qadeer Trust-ի՝ ընտանեկան հիմնադրամի օգտագործման, պետական պիւտճէէն 50 միլիառ փաքիստանեան ռուփի (մօտ 175 միլիոն տոլար) իւրացնելու համար՝ Ալ Քատիր համալսարանի ստեղծման ժամանակ:
Յաջորդ օրը՝ մայիս 10-ին, Իսլամապատի Գերագոյն դատարանը 8 օրով կալանուորած էր Խանը։ Անկէ ետք Փաքիստանի մէջ սկսած էին անոր կողմնակիցներու զանգուածային բողոքի ցոյցերը։