image

Շիիթ Կրօնաւորի «Պատժում»էն Ետք Րիատ- Թեհրան Լարումը Նոր Հանգրուանի Առաջ. Սագօ Արեան

Շիիթ Կրօնաւորի  «Պատժում»էն  Ետք Րիատ- Թեհրան Լարումը  Նոր Հանգրուանի Առաջ. Սագօ  Արեան

 2 Յունուարին Սէուտական  Արաբիոյ    ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, որ կը յայտնէր ծայրայեղակններու դէմ գործադրուած մահապատիժին մասին քաղաքական պայթումի մը հետեւանքները ունեցաւ: 46 Ծայրայեղականներու դէմ եղած պատիժէն անդին  Շիիթ կրօնաւոր Շէյխ Նըմըր Պաքէր Ալ Նըմըրին դէմ եղած մահապատիժը, որ անսպասելի էր   լարուածութեան գագաթնակէտին կը հասցընէր իսլամական աշխարհի երկու գլխաւոր համայնքներու առաջնորդ համարուող  մայրաքաղաքները ՝ Թեհրանն ու  Րիատը:

 Միջին Արեւելքի  մէջ  առկայ տագնապալի  իրավիճակին մէջ հիմնարար դեր ունեցող Սիւննի Սէուտական Արաբիան եւ Շիիթ Իրանը, վերջին տարիներուն    արդէն կ'ապրէին երեւելի լարուած մթնոլորտ մը, բացի անկէ, որ Րիատի եւ իր համախոհներուն համար Իրանի ունեցած մօտեցումները դարձած էին  անընդունելի:      

 Սուրիոյ տագնապի սկիզբ առնելէն առաջ իսլամական աշխարհին համար (Սիւննի) խորթ էր նախագահ Պաշշար Ասատին  կերտած դաշինքը Իրանին  հետ: Աւելի ուշ պարզ պիտի դառնար, որ Ասատի մշակած քաղաքականութիւնը տուն  կու տար սուրիական տագնապի ուռճացման: Սկիզբը բաւական լուռ երեւցող հակամարտութիւնը օրէ օր աւելի երեւելի կը դառնար եւ Արաբական Ծոցի վրայ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցող Րիատ կը փորձէր, ոչ միայն ստեղծել իր ազդեցութեան գօտիները այլ նաեւ ծրագրուած ոճով ատելութիւն կը սերմանէր Թեհրանի դէմ, զայն նկատելով արաբական աշխարհին համար վտանգաւոր  տէրութիւն մը:

 Իր կարգին Թեհրան, որ մեծ գին վճարելով կը փորձէր հակմարտութեան նոր կարմիր գիծեր գծել , կ'ամրացնէր իր ներկայութիւնը յատկապէս Սուրիոյ մէջ: Երկու հակամարտող կողմերը տեղ մը կը համաձայնէին, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող հակամարտութիւնը ներ-դաւանական խորք ունեցող տարակարծութիւններուն միակ  աւազանն էր:

  Վերադառնալով Շէյխ Նըմր Պաքէր Ալ Նըմըրի մահապատժի ենթարկուելուն, նախ պէտք է նշել, որ մեծամասնութեամբ Շիիթներով բնակեցուած Ալ Քաթիֆ երբեք ալ հաշտ աչքով  չէ  ընկալուած Ապտըլ Ազիզ իշխող գերդաստանին կողմէ:  Մանաւանդ մահապատիժ կրող կրօնական գործիչը, որուն բոլոր պատգամները  ծանր մեղադրանքներ եղած են իշխող ընտանիքի հասցէին: 1959-ին Քաթիֆի Ալ Աուամիյա շրջանը  ծնած  կրօնաւորը  իր ծայրայեղ կեցուածքներուն պատճառով հերթաբար 2006-ին, 2009-ին եւ 2014-ին կը բանատրկուէր: Իրանեան Քոմ քաղաքին մէջ իր կրօնական ուսմունքը կատարելագործած Ալ Նըմըր երկար ժամանակ     ապրած էր Իրանի մէջ, ու անկէ ետք փոխադրուած՝ Սուրիա ու ապա Սէուտական Արաբիա: Սէուտական տարբեր թերթեր,  կրօնաւորի մահապատիժի ենթարկուելէն ետք գրած  են, որ թագաւորութեան նախկին գահաժառանգ Նայէֆ Ապտլ Ազիզիի (մահացած 2012-ին) մահուընէ ետք Նըմըրի անոր դէմ արտասանած խօսքերը պատճառ դարձած են վերջինիս ձերբակալման: Ատկէ  ետք տեղի ունեցած դատավարութեան իբրեւ արդիւնք Ալ Նըմըր մահապատիժի կ'արժանանար: Տեղին է նշել, որ Րիատի ամէնէն վստահելի դաշնակիցը՝ Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ Մեծն Բրիտանիա եւ Գերմանիա կրօնաւորի մահուան լուրի հրապարակումէն ժամեր անց զգուշացման կոչեր ընելով  մտավախութիւն կը յայտնէին, որ տեղի ունեցածը կրնար անկանխատեսելի հետեւանքներ ունեցող Սիւննի-Շիիթ հակամարտութեան դուռ մը բանալու: Բացի ատկէ, կարեւոր էր մահապատիժը իրականացնելու թուականը: Մինչ Սուրիոյ ու Եէմէնի մէջ քաղաքական ընդհանուր խմորումներու  հանգրուան մը սկիզբ կ'առնէր՝ Րիատ  իր  խորքային դժգոհութիւնը կը յայտնէր յատկապէս Ռուսիոյ Սուրիոյ մէջ ունեցած  դերին  առնչութեամբ եւ  կը պայթեցնէր այս անսպասելի ռումբը:

  Սուրիական գետնի վրայ ռուսական զօրքերուն ընկերակցութեամբ Սուրիոյ բանակին գրանացած յաջողութիւնները անհանագիստ ըրած էին Րիատը: Իսկ Շիիթ Հաուսի զինեալներուն դէմ Եէմէնի տարբեր շրջաններուն մէջ ընթացող  մարտերը ոչ միայն անհանգստութիւն այլ նաեւ յուսաբեկման նշաններ ցոյց կու տային: Երկու պարագաներուն ալ պէտք է արձանագրել ռուսական զէնքի գործօնը, որ բոլոր  մակարդակներու վրայ կարեւոր յաջողութիւններու պատճառ կը դառնար: Այս    անցումային փուլին էր ուրեմն, որ Րիատ «հանգիստ խղճով» մահապատիժի կ'ենթարկէր Նըմըր Ալ Նըմըրը, սպասելով նախ Մոսկուայի ու ապա Թեհրանի հակազդեցութիւններուն:

  Ամերիկեան Գարնէկի հիմնարկի Միջին Արեւելեան հարցերու մասնագէտ  Ճէյմս Ֆիլիփ իր օրեր առաջ հրապարակած վերլուծականին մէջ կը գրէ, թէ երկու տէրութիւններուն միջեւ  1977-էն  ի վեր (Իրանի Իսլամական հանրապետութեան հիմնադրման թուականը) առկայ տարակարծութիւններու տոմարին մէջ գրանցուող վերջին դէպքերը աննախադէպ են: Վերլուծաբանը նաեւ կարծիք կը յայտնէ, որ մինչ ԱՄՆ կը պատրասուի «ամբողջապէս հեռանալ» Միջին Արեւելքէն, անդին սպասելի է, որ շրջանին մէջ  գերակայութիւն պահել փորձող երկու կողմերը ըլլան աւելի սթափ եւ հետեւին միմիանց քայլերուն: Այսինքն գալիք հանգրուանի նախապատրաստութեան մէջ երկու երկիրները պիտի փորձեն առաւելագոյն չափով գետին շահիլ եւ սեղանի վրայ դնել իրենց կուտակած քարտերը:

 Կայ նաեւ այն  մօտեցումը, ըստ որուն այս ուժերու ամբողջական լարումը կրնայ   ամբողջական հակամարտութեան նոր հանգրուան մը բանալ, տրուած ըլլալով, որ Րիատ մեծ համբերանքով հետեւելէ ետք Սուրիոյ եւ Եէմէնի դէպքերուն կը հատէր  ընդգծուած կարմիր գիծը եւ կը բանեցնէր ենթակայական պայթում յառաջացնող   ազդու միջոց մը:

     Լարուածութեան եւ շրջանին վրայ աւելի մեծ ազդեցութիւն  ունենալ փորձող երկու երկիրներուն համար կայ նաեւ երկրորդ  կարեւոր  սցենար մը, ըստ որուն  Րիատ եւ Թեհրան ինչպէս մօտիկ անցեալին  գործի  կրնան լծել իրենց պատերզմական  երկրորդ կարգի դարպասները: Այսինքն  ճակատումները կրնան ըլլալ երկրորդ մակարդակի ճակատումներ եւ երկիրներէն իւրաքանչիւրը կռիւի կը մղէ իր ազդեցութեան գօտիի յառաջապահ ուժերը: Այս ընդհանուր ծիրին մ էջպէտք է տեղադրել Լիբանանը, որուն կայունութիւնը եւ անվտանգութեան հարցը  վերջին հինգ տարիներուն պահպանուած էր վայելելով երկու երկիրներուն  նեցուկը:

 Լիբանանի սպասուած նախագահի ընտրութեան վերջին նախաձեռնութեան սառեցումը, որուն հեղինակն է Պէյրութի մէջ Րիատի գլխաւոր դաշնակից՝ Սաատ Հարիրին (Լիբանանի նախկին վարչապետ) կը դրուէր սառնարան ու երկրի  ԶԼՄ-ներու  գլխաւոր առանցքը կը դառնար Րիատ - Թեհրան  բացայայտ լարումն ու   Նըմր Ալ Նըմըրի սպաննութենէն  ետք գալիք հանգրուանին վերլուծումը:

 Միւս կողմէ  լարուածութեան այս  ընդհանուր մթնոլորտին մէջ գետնի վրայ երեւելի կերպով առաջ կը տարուի ԻՇԻՊ-ին կարեւոր հարուածներ տալու ընդհանուր գործընթացը: Մասնաւորապէս Իրաքի մէջ տեղի ունեցող  դէպքերը կը մատնեն այն մասին, որ ի տարբերութիւն երէկուան ԻՇԻՊ-ին, այսօր անցած է պաշտպանողական դիրքերու եւ ծանր կորուստներ կրելէ բացի ընդհանուր յուսալքութիւն մը կայ անոր շարքերուն մէջ:

 Մինչ  ԱՄՆ յառաջիկայ ամիսներուն աւելի պիտի մխրճուի  իր նախագահական ընտրութեան մրցավազքին մէջ, անդին Մոսկուա եւ Փարիզ պիտի շարունակեն իրենց հարուածները սաստակցնել ԻՇԻՊ-ին դէմ: «Հատման եւ միացման» գիծ եղող ԻՇԻՊ այսօր ընդհանուր լարումներու մէջ կարեւոր դեր կը կատարէ: Այն իմաստով, որ թէ Րիատ  եւ թէ Թեհրան  համաձայանած են,  որ  ահաբեկչութեան դէմ տարուող պայքարը անյետաձգելի է:

 Այսինքն անոնք կը գիտակցին, որ հակառակ առկայ բոլոր լարումներուն ԻՇԻՊ-ի դէմ գործակացութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ որ զինեալները զինաթափուին կամ կարելի ըլլայ  զանոնք պահել «աքցան»ի տակ:

 Ճիշդ է, որ վաղ է այս մասին խօսիլը բայց գետնի վրայ ընթացող  ճակատումները արդէն ցոյց կու տան, որ ԻՇԻՊ  ինչպէս կը կարծուէր մօտիկ անցեալին, այսօր արդէն անպարտելի ուժ մը չէ:

 Թէ ինչքանով նպատակայարմար է Իսլամ ներ-դաւականական (Նըմըրի սպաննութեան մասին է խօսքը) ռումբի պայթումը համատարած դարձնել տակաւին յստակ չէ,  սակայն  պարզ է նաեւ, որ  սեղանի վրայ  չափուող եւ գծուող նոր համաձայնութիւններու ընդհանուր բնութագիրը Րիատի սրտով չէ:

 Այստեղ  կարեւոր դեր կրնայ կատարել Մոսկուան, որուն դռները բաց են  Սիւննի աշխարհի առաջատարին միայն, թէ Ապտըլ Ազիզներու իշխանութեամբ կառավարուող երկիրը համոզուի, որ նոր ձեւաւորուող ընդհանուր դրութեանց մէջ  կարեւորագոյն բանալին ոչ թէ Ամերիկայի մօտ է այլ  «Հիւսիսի  ձարին»:

 Բացի անկէ, ռուսերը լաւ կը հասկնան, որ Շիըթ Սիւննի հաւանական որեւէ  ծանր զարգացում իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ, ոչ միայն  Միջին Արեւելքի մէջ այլ նաեւ երկու տէրութեանց սահմաններէն շատ հեռու, լարուածութիւնը  վերածելով արիւնալի եւ փոխ վրէժի վրայ հիմնուած երկարատեւ գործողութիւններու:

 Աւարտին պէտք է նաեւ հասկնալ , որ Րիատ մտավախութիւններ ունի կորսնցնելու Սուրիոյ եւ մանաւանդ Եէմէնի խաղաքարտերը ու ատոր  իբրեւ հետեւանք քայլ մը առաջ վազելով կը փորձէ խօսիլ կարմիր քարտերու  լեզուով:

 Այդ քարտերուն  առաջինը  Նըմըր Ալ Նըմըրի սպաննութեան խաղաքարտն է ու շատ հաւանակն է, որ Րիատի յառաջիկայ նախահարաձակ հարուածները կրնան լսուիլ այլ վայրերէ:

 Եթէ համաձայնութիւններու ընդհանուր հասկացողութիւնները բացակային սպասելի է նաեւ, որ լարուածութեան ազդեցութեան գօտիները աւելիով աճին  յատկապէս Պէյրութի մէջ, որուն քաղաքական ընդհանուր շաղուածքը նոր պայթումներ «ընդունելու» բոլոր հիմնական տարրերը ունի:

 

 

 Սագօ Արեան

 

 «Ժամանակ» Պոլիս