Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ըն իշխող Աշխատաւորական կուսակցութեան նիստին ներկայացուցած է երկրի բանակի նոր նպատակները 2023 թուականի համար՝ ակնարկելով զէնքի փորձարկումներու եւ, ըստ այդմ, եւս մէկ լարուած տարուան մասին:Այս մասին յայտնած է Reuters-ը։
Կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի ընդլայնուած լիագումար նիստի երկրորդ օրը Քիմ Եոնկ Ըն անդրադարձած է Քորէական թերակղզիի մէջ «նոր բարդ իրավիճակին» եւ աւելի լայն քաղաքական պատկերը, հաղորդած են պետական լրատուամիջոցները:
Երկրի ղեկավարը սահմանած է «հակակորդի դէմ պայքարի» ուղղութիւնը եւ պաշտպանական հզօրութեան ամրապնդման նպատակները։
Քորէայի կեդրոնական հեռագրային գործակալութիւնը մանրամասներ չէ յայտնած սահմանուած նպատակներու մասին, սակայն Քիմ Եոնկ Ընի խօսքերը կրնան վկայել, որ մեկուսացած երկիրը պիտի շարունակէ արագցնել իր ռազմական ընդլայնումը:
Հիւսիսային Քորէան աննախադէպ թուով հրթիռներ արձակած է այս տարի, եւ արձակումներէն շատերը իրականացուած են «առաջնահերթ» ռազմավարական զէնք մշակելու ծրագրի ծիրէն ներս:
Ծրագրին մէջ ներառուած են մարտավարական միջուկային զէնքեր, նոր միջմայրցամաքային պալիսթիք հրթիռ, գերձայնային մարտագլխիկներ, միջուկային սուզանաւեր եւ հետախուզական արբանեակ։