image

Քիեւ չի պատրաստուիր օգտագործել «կեղտոտ ռումբ». Ուքրանիան արձագանգած է Շոյկուի մտահոգութեան

Քիեւ չի պատրաստուիր օգտագործել «կեղտոտ ռումբ». Ուքրանիան արձագանգած է Շոյկուի մտահոգութեան

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հանդէս եկած է տեսաուղերձով, ուր ըսած է, որ միայն Մոսկուան կրնայ միջուկային զէնք կիրառել Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Այսպիսով, Ուքրանիոյ ղեկավարը մեկնաբանած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար Սերկէյ Շոյկուի յայտարարութիւնը «կեղտոտ ռումբ»ի մասին, որ, ըստ Շոյկուի, կը նախատեսէ օգտագործել Ուքրանիան։

Զելենսքի նաեւ  ըսած է՝ «աշխարհը պէտք է հնարաւորինս կոշտ արձագանգէ» զանգուածային ոչնչացման զէնքի որեւէ կիրառման, աւելցնելով, որ «Եթէ Ռուսիա պատրաստած է խաղադրոյքներու եւս մէկ բարձրացում եւ մագլցումի հերթական քայլ, ապա ան պէտք է տեսնէ, որ աշխարհը այդ մէկը կուլ չի տար»։

Մինչդեռ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Տմիթրի Քուլեպան յայտարարած է, որ Քիեւը չի պատրաստուիր օգտագործել «կեղտոտ ռումբ»։ Ան անհեթեթ անուանած է մեղադրանքները առ այն, թէ Ուքրանիան կրնայ նման զէնք կիրառել։

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն եւ Փենթակոնի ղեկավար Լլոյտ Օսթին հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին Շոյկուն խօսած է Ուքրանիոյ կողմէ «կեղտոտ ռումբ»ի (ցած թողունակութեան միջուկային զէնք) օգտագործմամբ հնարաւոր սադրանքներու մասին։