image
Հրատապ լուրեր:

Քատիրով ուքրանական ճակատին վրայ նոր յարձակումի մը մասին ակնարկեց

Քատիրով ուքրանական ճակատին վրայ նոր  յարձակումի մը մասին ակնարկեց

Չեչնիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրով յայտնած է, որ դաշնակից ուժերը փակած են  ուքրանական Լիսիչանսքի բոլոր մուտքերն ու ելքերը: «Լիսիչանսքը ամբողջութեամբ շրջափակուած է ռուսական ուժերուն կողմէ: Կարելի է ենթադրել, որ շուտով պիտի սկսի լայնամասշտաբ յարձակում քաղաքին վրայ: Թշնամին իր հերթին երթալու տեղ չունի», այս մասին ան գրած է Թելեկրամի ալիքում:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու տարածքային պաշտպանութեան աւելի քան 2 հազար զինուոր կը գտնուի շրջափակման մէջ Լիսիչանսքի մէջ:

Ուրբաթ օր Ռուսիոյ Պաղտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ Ռուսիոյ ուժերը երեք օրուան մէջ վերահսկողութեան տակ վերցուցած են Լիսիչանսքի նաւթավերամշակման գործարանը, Մաթրոսսքայա հանքավայրը եւ Լիսիչանսկքի ժելաթինի գործարանը: