image

Քաթարի մէջ Ներքին գործոց նախարարը շարք մը պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած է

Քաթարի մէջ Ներքին գործոց նախարարը շարք մը պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած է

Քաթարի Պետութիւն այցի շրջածիրէն ներս Ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնն այցելած է Ներքին գործերու նախարարութեան Ոստիկանութեան ակադեմիա:

Ակադեմիայի աշխատակազմի հետ քննարկուած են ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող թեմաներ, մասնաւորապէս՝ երկու երկիրներու ոստիկանութեան ակադեմիաներու համագործակցութեան, աշխատակազմերու վերապատրաստման, կրթական ոլորտի մէջ փոխյարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկու երկիրներու կրթահամալիրներու ուսանողներու փոխանակման  ծրագրերու շուրջ:

Վահէ Ղազարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եղած է նաեւ Քաթարի Պետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան Քաղաքացիական պաշտպանութեան գլխաւոր տնօրէնութիւն: Պատուիրակութեան անդամները ծանօթացած են արագ արձագանգման, վերահսկման ստորաբաժանումներու, ինչպէս նաեւ փրկարարներու աշխատանքին, զրուցած են աշխատակիցներու հետ:

Յիշեցնենք, որ Ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Քաթարի մէջ մասնակցած է հասարակական անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խնդիրներուն նուիրուած «MILIPOL Qatar 2024» համաշխարհային ցուցահանդէսին, որու շրջածիրէն ներս հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Քաթարի Պետութեան գործընկերներու հետ: