Նուիրեալ մը, որուն համար ոչ մէկ խտիր, ոչ մէկ տարբերութիւն, ոչ մէկ մօտեցում պատուար կարողացած են դառնալ, որպէս հեռաւոր Քեսապի ափերէն Հայաստան դարձած այս տիտանը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Լեզուի աւանդոյթը, լեզուն պահելու մշակոյթը ու ամենակարեւորը անցեալի ներուժը մատղաշ սերունդներուն առատօրէն տալու մօտեցումը Յակոբ Չոլաքեանը դարձուցած են իրական նուիրեալ։
Նուիրեալ մը, որուն համար ոչ մէկ խտիր, ոչ մէկ տարբերութիւն, ոչ մէկ մօտեցում պատուար կարողացած են դառնալ, որպէս հեռաւոր Քեսապի ափերէն Հայաստան դարձած այս տիտանը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Այս բոլորը կը գրուին այն պահուն, երբ Երեւանի մէջ խումբ մը Յակոբ Չոլաքեանով ապրող երիտասարդներ վեհ նախաձեռնութիւնը վերցուցին պատուելու մեր յոբելեարը, որ օրերս այնքան երիտասարդօրէն բոլորեց իր ծննդեան 75 -ամեակը։
Մեծարման երեկոյին ընթացքին հնչեցին խօսքեր, լսելի դարձան երգեր, հրապարակ հանուեցան աանոր երկար տարիներու ընթացքին կերտած վաստակը եւ արժանաւորապէս զինք սիրողները իրենց խոհն ու խօսքը լսելի դարձուցին հարիւրաւոր ներկաներուն։
Ուշագրաւը անշուշտ Յակոբ Չոլաքեանի խօսքն էր, որ հնչեց բեմէն եւ անգամ մը եւս մեզ բոլորս դրաւ նոր յանձնառութիւններու եւ անոր սկսած ճամբան շարունակելու պարտաւորութեան առջեւ։
Չոլաքեան մասնաւորապէս ըսաւ,- «Հաւատացած եմ որ լեզուն մեր գրպանը գտնուող անձնագիրէն շատ աւելի թանկագին է։Այդ լեզուն մեր շուրթերուն վրայ հնչող հայերէնն է եւ քանի հայերէն կայ կը նշանակէ որ կանք նաեւ մենք»։
Մնացածը «Արեւելք»ի ոսպնեակով առնուած տեսանիւթով։