image

Հայկազեան Համալսարանի հիմնադրման 70-ամեակի ձեռնարկներ՝ Երեւանի մէջ

Հայկազեան Համալսարանի հիմնադրման 70-ամեակի ձեռնարկներ՝ Երեւանի մէջ

Հայկազեան համալսարանը, իր հիմնադրութեան 70-ամեակի համաշխարհային տօնախմբութիւններուն ծիրին մէջ, 13-17 յունիս 2025-ին Երեւանի մէջ կազմակերպեց դաստիարակչական, մշակութային, ընկերային եւ հոգեւոր շարք մը ձեռնարկներ: Տօնախմբութիւնները շեշտեցին համալսարանին ներդրումը` մնայուն ժառանգութեան, կրթութեան, գիտական մտաւոր աշխատանքի եւ Հայաստան-սփիւռքի համագործակցութեան մարզերուն մէջ:

Ձեռնարկները հովանաւորեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ` Խնամակալ մարմինի ատենապետ դոկտ. Յասմիկ Պարան (Միացեալ Նահանգներ), փոխնախագահ Ճոն Սաղըրեան (Լիբանան), Հայ սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, Խնամակալ մարմինի անդամներ, համալսարանի դասախօսներ, շրջանաւարտներ, համայնքային ղեկավարներ եւ համալսարանի բարեկամներ:

 

Պաշտօնական Ընդունելութիւն
«Արմենիա Մարիոթ» Պանդոկին Մէջ

13 յունիսին տօնախմբութիւնները սկսան պաշտօնական ընդունելութեամբ մը` հիւրընկալութեամբ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, Երեւանի «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկին մէջ: Ձեռնարկը համախմբեց Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտներ` Հայաստանէն եւ Լիբանանէն, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր, որոնց շարքին` Երեւանի պետական համալսարանի եւ Խաչատուր Աբովեան մանկավարժական համալսարանի նախագահները, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի տնօրէնը, Արցախի պետական համալսարանի նախկին նախագահը եւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանը:

Ներկայ էին նաեւ` հոգեւորականներ, մշակութային եւ գիտակրթական հաստատութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ:

Երեկոյին ընթացքին ցուցադրուեցան 70 յատկանշական պաստառներէ, որոնք ներկայացուցին Հայկազեան համալսարանի պատմութիւնը, ակադեմական ներդրումը եւ ընկերային ազդեցութիւնը: Յատուկ վաւերագրական ժապաւէն մը ամփոփեց համալսարանի եօթը տասնամեակներու պատմութիւնը: Բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան եւ դոկտ. Յասմիկ Պարան, որոնք իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին համաշխարհային գործակցութիւններուն եւ համալսարանի առաքելութեան մնայուն աջակցութիւններուն համար:

 

Հոգեւոր Հաւաք Եւ Ընդունելութիւն

15 յունիսին Երեւանի մէջ գործող Հայաստանի աւետարանական եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ գոհաբանութեան հոգեւոր արարողութիւն մը, որուն ընթացքին վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր քարոզին ընթացքին ընդգծեց համալսարանի հիմք կազմող քրիստոնէական արժէքները:

Յաջորդ օրը Հայաստանի աւետարանական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ քննարկում` հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Արէն Տէյիրմենճեանի: Ձեռնարկը համախմբեց` Հայաստանի աւետարանական եկեղեցւոյ աշխատակիցներ, համալսարանի ներկայացուցիչներ, համայնքային ղեկավարներ եւ համալսարանի բարեկամներ:

 

Գիտական Հրատարակութեան Ներկայացում
Երեւանի Պետական Մանկավարժական Համալսարանի Մէջ

16 յունիսին Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիտական հրատարակութեան մը ներկայացումը` «Հայկական փոխակերպումներ եւ հասարակական-քաղաքական փոփոխութիւններ: 1900-2020» խորագիրով: Գիրքը կ՛ամփոփէ զեկուցումները միջազգային երկու գիտաժողովներու, որոնք կազմակերպուած էին Հայկազեան համալսարանին հետ համագործակցութեամբ:

Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի նախագահ դոկտ. Սրբուհի Գէորգեան  եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտեցին գիտական գործակցութեան կարեւորութիւնը` հայ ինքնութեան ըմբռնումներու, լեզուական փոփոխութիւններու, սերունդներու փոխանցման եւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու մէջ:

Երկու համալսարաններու կողմէ խօսքեր արտասանեցին նաեւ քանի մը մասնագէտներ, ինչպէս` դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, փրոֆ. Էդկար Յովհաննիսեան եւ Խաչատուր Ստեփանեան` ընդգծելով հրատարակութեան արժէքը պատմագիտական երկխօսութեան եւ ժամանակակից հայագիտական ուսումնասիրութիւններու զարգացման առումով:

 

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի
44-րդ Հատորի Շնորհահանդէս

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 44-րդ հատորին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Հայկական ժողովրդական արհեստներու «Յովհաննէս Շարամպէեան» թանգարանին մէջ: Երեկոյին ընթացքին լուսարձակի տակ բերուեցաւ գիտական արժէքը երկհատորեայ հրատարակութեան, որ կը բաղկանար 900 էջերէ եւ կը ներառէր 39 գիտնականներու նիւթեր:

Երեկոյին ընթացքին խօսք առաւ թանգարանի տնօրէն Լուսինէ Թորոյեան, որ գնահատեց համալսարանի մշակութային նախաձեռնութիւնները, ոգեկոչուեցաւ յիշատակը խմբագրական կազմի երկարամեայ անդամ, նորոգ մահացած դոկտ. Արշալոյս Թոփալեանի:  Յուշանուէրներու փոխանակում կատարուեցաւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ Լ. Թորոյեանի միջեւ` իբրեւ խորհրդանիշ շարունակուող համագործակցութեան եւ համալսարանի 70-ամեակի արժեւորման:

 

Գիտական Համաժողով` «Երեւան–Պէյրութ.
Մշակութային Կամուրջներ»

Շաբաթը եզրափակուեցաւ «Երեւան-Պէյրութ. մշակութային կամուրջներ» խորագիրով գիտաժողովով մը, որ կայացաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ: Ձեռնարկը ընդգծեց Հայաստան-սփիւռք կապերու կարեւորութիւնը:

Ձեռնարկին բանախօսներն էին` դոկտ. Արմինէ Զոհրապեան (Հայաստանի Պատմութեան թանգարան)` «Սփիւռքի յանձնաժողովին դերակատարութիւնը», Ճոն Սաղըրեան` Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութիւն եւ ժառանգութիւն, դոկտ. Հրածին Վարդանեան` Հայաստանի եւ համալսարանին միջեւ գիտակրթական կապերը, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան` «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ին մէջ հրապարակուած հայաստանեան նիւթերու որոշ մտահայեացքներ: