image

Քալիֆորնիոյ մէջ հրդեհներու զոհերու թիւը հասած է 24-ի

Քալիֆորնիոյ մէջ հրդեհներու զոհերու թիւը հասած է 24-ի

Առնուազն 24 մարդ զոհուած է Քալիֆորնիոյ հարաւը խոշոր անտառային հրդեհներու հետեւանքով, տարհանուած է մօտ 180 հազար մարդ, այրած է մօտ 12 հազար շինութիւն։ Այս տուեալները յունուար 12-ի երեկոյեան յայտնած է «The Washington Post»-ը։

Քալիֆորնիոյ արտակարգ իրավիճակներու աշխատակիցները նախազգուշացուցած են, որ այս շաբթուան սկիզբը Լոս Անճելըսի մէջ քամիները կրնան զօրանալ՝ խթանելով անտառային հրդեհներու արագ տարածումը, որոնք կը մոլեգնին քաղաքին մէջ արդէն վեցերորդ օրն անընդմէջ:

Լոս Անճելըսի հրդեհները սկսած են յունուար 7-ին եւ դարձած շրջանի՝ նման աղէտներու պատմութեան մէջ ամենասարսափելի աւերածութիւններու պատճառ: