image
Հրատապ լուրեր:

Քաղբանտարկեալ Նարեկ Մանթաշեանն ազատ արձակուեցաւ

Քաղբանտարկեալ Նարեկ Մանթաշեանն ազատ արձակուեցաւ

Եօթ ամիս շարունակ կալանքի տակ գտնուող «Այլընտրանք» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար, «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Նարեկ Մանթաշեանը ազատ արձակուեցաւ «Վարդաշէն» քրէակատարողական հիմնարկէն։ Աւելի վաղ արդէն վճարուած էր սահմանուած 20 միլիոն դրամ գրաւը։

«Դատարանի այս որոշումը ուշացած, բայց գոնէ արդար էր։ Պայքարը շարունակւում է, էս 7 ամիսը ինձ չի ընկճել։ Ինձ դիմաւորած մարդկանց առաջ ես պարտաւորութիւններ ունեմ, դրանք պատուով պէտք է կատարեմ»,- NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Նարեկ Մանթաշեանը։

Նշենք, որ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ նախագահութեամբ Կարէն Ֆարխոյեանի, 20 յուլիսին, Նարեկ Մանթաշեանը 20 միլիոն գրաւի դիմաց ազատ արձակելու մասին որոշում կայացուց։

Յիշեցնենք, որ Նարեկ Մանթաշեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 225-րդ յօդուածի 1 -ին եւ 2-րդ մասերով, այն է՝ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելը եւ այդ ընթացքին բռնութիւն գործադրելը ջարդ կամ հրկիզում իրականացնելը, գոյք ոչնչացնելը կամ վնասելը, հրազէն, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր գործադրելը կամ իշխանութեան ներկայացուցիչին զինուած դիմադրելը։ Լրատուամիջոցներու մէջ այն ստացած է «#դրօշի_գործ» անուանումը։

Մանթաշեանն իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չընդունիր եւ այն կ'որակէ որպէս քաղաքական հետապնդում իր նկատմամբ։

Մանթաշեանը կալանաւորուած է 15 դեկտեմբեր 2021-ին։