image

Առաջիկային պիտի շարունակուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատումը․ Փաշինեան

Առաջիկային պիտի շարունակուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատումը․ Փաշինեան

Առաջիկային պիտի շարունակենք եւ տրամաբանական ժամկէտներու մէջ աւարտին պիտի հասցնենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ սահմանի սահմանազատումը: Այս մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ապրիլ 27-ին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու կազմաւորման օրուան առթիւ կազմակերպուած միջոցառման ժամանակ։

Փաշինեան արձանագրած է, որ շուրջ երկու տարի է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի 12 քիլոմեթրանոց հատուածը սահմանազատուած է (Տաւուշի մարզ), այնտեղ ծառայութիւն կ՚իրականացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանապահ զօրքերը: 

«Այդ 12 կիլոմետրը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան սահմանի թերեւս միակ հատուածն է որտեղ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի զինուած ուժերի ներկայացուցիչները ծառայութիւն են իրականացնում առանց սաղաւարտների, առանց զրահաբաճկոնների, եւ ինքնաձիգների պահունակները ոչ թէ ինքնաձիգների վրայ, այլ՝ պայուսակների մէջ դրած»,-ըսած է վարչապետը:

Փաշինեանի խօսքով՝ իրենց նխատակն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանի բոլոր հատուածները ըլլան սահմանապահ զօրքերու պատասխանատւութեան ներքոյ: Վարչապետի ընկալմամբ՝ սահմանապահ զօրքերը խաղաղութեան խորհրդանիշ են, որովհետեւ այնտեղ ուր սահմանին կանգնած են սահմանապահներ մեծ հաւանականութեամբ, կամ դէպքերու մեծամասնութեամբ, այդ սահմանին կը տիրէ խաղաղութիւն: 

«Երբ ասում ենք, որ սահմանը կը սահմանազատուի, կը սահմանագծուի՝ մեր ցանկութիւնն է, որ մեր բանակի ծառայողները հնարաւորութիւն ունենան իրենց ծառայութիւնն իրականացնել մշտական տեղակայման վայրերում: Մենք այս նրբութիւնը նոյնպէս չենք նկատում, բայց տասնեակ տարիներով մեր բանակն իր ծառայութեան մեծ մասը անց է կացնում խրամատներում»,-ըսած է վարչապետը: