image

Քաղաքապետ՝ Մարտիկ Պօղոսեան. «Պուրճ Համուտը արդիականացնելու մեր ճիգերը պիտի շարունակենք»

Քաղաքապետ՝ Մարտիկ Պօղոսեան. «Պուրճ Համուտը  արդիականացնելու մեր ճիգերը պիտի շարունակենք»

Երկուշաբթի, 10 Յուլիս 2023-ի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ «Պուրճ Համուտ 2021-2031. միասին աւելի լաւ ներկայի եւ ապագայի համար» ծրագրի գործընկերներու յանձնախումբի հաւաքը, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ՝ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ հարաւային Ֆրանսայի (Փրովանս, Ալփ, Քոթ Տազիւր) քաղաքապետարաններու միութեան փոխնախագահ ՝Ժան-Պիեռ Քոլանի:

 

Հանդիպման մասնակցեցան Ֆրանսայի դեսպանատան միջազգային համագործակցութեան կցորդ՝ Մաթիլտա Փոս եւ Մարսէյլի քաղաքապետարաններու ներկայացուցիչներ՝ Ֆրանք Գիլինկը, Լուհավր Միքայէլ Ֆոարէսթը, եւ Նիսի ու Քոթ Տազիւրի ներկայացուցիչ Սեսիլ Ռեմիոնի, ինչպէս նաեւ Միջերկրական քաղաքներու եւ տարածաշրջաններու գործակալութեան (Ավիթիմ) տնօրէն, դեսպան՝ Ֆիլիփ Մոնյէն, ռազմավարութեան տնօրէն՝ Մարի Փատուիլը, նախագիծերու տնօրէն՝ Մարիաննա Մարթինը եւ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ դասախօսներ՝ Ամին Պըն Իսա (Սորպոն), Սերժ Եազիժի (Ամերիկեան համալսարան), Քրիսթիան Սֆէյր եւ Սալիմ Ապու Ռիզք (Լիբանանեան համալսարան), եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամները։

 

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը նիստը բացաւ՝ ողջունելով ներկաները եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց գործընկերներուն հետ ստեղծուած համագործակցութեան համար՝ չնայած տեղական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ, առկայ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ դժուարութիւններուն, ընդգծելով ՝ քաղաքը եւ բնակչութեան պայմանները բարելաւելու քաղաքապետարանի պարտաւորութիւնները ։ 

 

Քաղաքապետը մատնանշեց, թէ Լիբանանի մէջ լճացում կը տիրէ, հակառակ անոր, որ երկրին բարեկամները իրենց ջանքը կ՚ընեն, որ ան այս վիճակէն դուրս գայ երկիրը։ Ինչ կը վերաբերի Պուրճ Համուտին, ապա ան անհամբեր կը սպասէ այդ նախաձեռնութիւններուն նշելով, որ երկարաժամկէտ համագործակցութիւնն ու ռազմավարական ծրագիրները մեծապէս եւ դրականօրէն պիտի ազդեն շրջանի բնակչութեան կեանքի եւ որակներու բարելաւման ուղղուած ճիգերուն վրայ։

 Քաղաքապետ Պօղոսեան մատնանշեց, որ Պուրճ Համուտի նման ժողովրդագրական բազմազանութիւն ունեցող քաղաքին մէջ յաջողութիւնը մեծ ձեռքբերում է։ Ան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ Պուրճ Համուտը ժամանակակից քաղաք դարձնելու այս նախաձեռնութեան յաջողութեան առընթեր կը վերանորոգէ իր լիակատար յանձնառութիւնն ու հաստատուն հաւատքը։

 Այնուհետեւ միջոցառման հերթաբար խօսք առին «Պուրճ Համուտ 2021-2031. միասին աւելի լաւ ներկայի եւ ապագայի համար» ծրագիրի գործընկերները, խօսելով իրենց ծրագիրներուն մասին՝ ընդհանրապէս Լիբանանի եւ մասնաւորապէս Պուրճ Համուտի մէջ ընթացք առած ծրագիրներուն մասին։

 

 Քաղուած՝ «Ալ Սիասա» կայքէն.

 «Արեւելք»ի համար արաբերէնէ թարգմանեց՝ Ն. Տաղլեան 

 

 

.